ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. «ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»

1-3 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն Մի­ջի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նի (Տիլ­պոռն) Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յե­րը եւ Պաղ պա­տե­րազ­մը» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­գի­տա­ճիւ­ղա­յին այս գի­տա­ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րե­սուն գիտ­նա­կան­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն, Եւ­րո­պա­յէն, Հիւ­սի­սա­յին ու Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն։

Ըստ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, սա ան­նա­խըն­թաց գի­տա­ժո­ղով մըն է եւ ա­նոր նպա­տակն է՝ հա­յոց ար­դի պատ­մու­թեան ա­ռանց­քա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րէն մէ­կուն լու­սա­բա­նու­մը եւ ա­նոր վե­րա­բե­րեալ ա­պա­գայ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու խթա­նու­մը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս կ՚ակն­կա­լեն զա­նա­զան դի­տան­կիւն­նե­րէն ու շարք մը գի­տա­կար­գե­րու ներգ­րա­ւու­մով մաս­նա­գէտ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել Պաղ պա­տե­րազ­մի հա­մա­տես­քէն ներս Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, գաղ­թին, ինչ­պէս նաեւ Ա­րեւ­մուտ­քէն եւ Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ներս գոր­ծած հայ լրտես­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու վրայ։

Ա­րա Սան­ճեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, գի­տա­ժո­ղո­վը կը կազ­մա­կեր­պուի Հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան (NAASR) եւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Կ՚են­թադ­րուի, որ ա­պա­գա­յին ա­ռան­ձին ժո­ղո­վա­ծո­յով մը հրա­տա­րա­կուի այս գի­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­լիք զե­կու­ցում­նե­րը։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2016