ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր շրջագայութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Այսօր ան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք, ուր կը հիւրընկալուի Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ու շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը։ Սերժ Սարգսեան եւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով կ՚ամփոփեն բանակցութիւնները։ Այս այցելութեան շրջագծով Սերժ Սարգսեան եւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս միասնաբար ներկայ կը գտնուին «Հայաստան. Արարատի ոգին» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական թանգարանին մէջ։
Աթէնքի շփումները աւարտելէ վերջ, վաղը, Սերժ Սարգսեան պիտի ուղեւորուի դէպի Յունական Կիպրոս, նոյնպէս պաշտօնական այցելութեամբ։ Պետական աւագանիին կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Սերժ Սարգսեան, որ իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Անաստասիատիսի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով՝ կ՚ամփոփէ բանակցութիւններուն արդիւնքները։ Կողմերուն միջեւ կը ստորագրուին նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, համագործակցութեան խորացման համար։ Կիպրոսի համալսարանէն ներս նախատեսուած է Սերժ Սարգսեանի ելոյթը՝ աշակերտներուն եւ դասախօսներուն առջեւ։
Թէ՛ Յունաստանի եւ թէ Հարաւային Կիպրոսի մէջ Սերժ Սարգսեան կը տեսակցի նաեւ հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Մարտի 16-ի երեկոյեան, կղզիի շփումները աւարտելով՝ Սերժ Սարգսեան պիտի ուղեւորուի Պրիւքսէլ՝ մասնակցելու համար Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան հերթական գագաթաժողովին։