ՍԱՐՍԱՓԱԶԴՈՒ ԵՒ ԱՐԻՒՆԱԼԻ

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն (18.43) պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը հեր­թա­կան ան­գամ ցնցեց բո­վան­դակ Թուր­քիան։ Մե­րա­սիմ փո­ղո­ցին մէջ պա­տա­հած յար­ձա­կու­մէն քսա­նհինգ օր վերջ այս ան­գամ մայ­րա­քա­ղա­քի սրտին վրայ՝ Քը­զը­լա­յի հրա­պա­րա­կը դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն թի­րա­խը։ Կիւ­վէն­փար­քի հան­րա­կառ­քե­րու կա­յա­նին մօտ պայ­թե­ցուե­ցաւ ռում­բով լե­ցուն ինք­նա­շարժ մը։ Մայ­րա­քա­ղա­քի ա­մե­նա­բա­նուկ կէ­տե­րէն մէկն է այս մէ­կը եւ դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ երբ որ այն­տեղ կը գտնուէր հա­րիւ­րա­ւոր հո­գի։ Հան­րա­կառք մը եւ հինգ ինք­նա­շար­ժներ այ­րե­ցան ամ­բող­ջու­թեամբ։ Քսան ինք­նա­շարժ եւ բազ­մա­թիւ շէն­քեր ալ վնաս կրե­ցին։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ վեր­ջին հինգ ամ­սուան ըն­թաց­քին սա ե­ղաւ Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած եր­րորդ պայ­թու­մը։

Ե­րէ­կուան դէպ­քը իս­կա­պէս սար­սա­փազ­դու էր եւ յե­ղաշր­ջեց երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ա­հա­բեկ­չա­կան այս վայ­րագ ու ա­րիւ­նա­լի յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով եր­կի­րը ան­գամ մը եւս դէմ յան­դի­ման մնաց ա­նի­ծե­լի բռնա­րար­քի մը։ Մղձա­ւան­ջա­յին այս դէպ­քը խլեց 37 ան­մեղ ան­ձի կեանք։ Կան ա­ւե­լի քան հա­րիւր վի­րա­ւո­րեալ­ներ։

Այս դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղով մը։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան նստա­վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ա­ւար­տին Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Մեհ­մէտ Մի­ւէզ­զի­նօղ­լու փո­խան­ցեց ա­ռա­ջին տուեալ­նե­րը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լան ալ նոյն ժո­ղո­վէն վերջ յայտ­նեց, թէ ար­դէն լուրջ տուեալ­նե­րու հա­սած են ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը։ Եր­կու նա­խա­րար­ներն ալ պա­խա­րա­կե­ցին դէպ­քը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ պայ­թու­մէն վերջ հան­դէս ե­կաւ գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ան ընդգ­ծեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ան­պայ­ման ծուն­կի պի­տի բե­րուի։ Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց նաեւ, որ այս յար­ձա­կում­նե­րը կը բարձ­րաց­նեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վճռա­կա­նու­թիւ­նը։ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յայտ­նեց, որ ազ­գը պի­տի դի­մադ­րէ զօ­րակ­ցու­թեամբ։ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի յայ­տա­րա­րեց, որ այս բար­բա­րո­սու­թիւ­նը պի­տի լու­սա­բա­նուի։ ՀՏՓ-ն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ կը պա­խա­րա­կէ այս վայ­րագ յար­ձա­կու­մը։

ՓՔՔ­-ի հետ ա­ռըն­չա­կից այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քն ալ կրկնեց իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ Թուր­քիոյ։

Միւս կող­մէ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը այս ա­ռա­ւօտ նոր ռմբա­կո­ծում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Քան­տի­լի դէմ։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016