ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­նակն­կալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մթնո­լո­տին մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­հան­գով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին տե­սա­կէ­տէ ճա­կա­տագ­րա­կան զար­գա­ցում մը։ Փու­թի­նի ա­նակն­կալ հրա­հան­գով այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ Ռու­սաս­տա­նի զօր­քե­րը սկսան աս­տի­ճա­նա­բար հե­ռա­նալ Սու­րիա­յէն։ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ հե­ռա­տե­սի­լէն ու­ղիղ ե­թե­րով տե­սասփ­ռուած խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուի հետ։ Այս առ­թիւ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ, թէ ռու­սա­կան բա­նա­կին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­ւար­տած է Սու­րիա­յէ ներս եւ կա­րե­լի է ետ կան­չել զօր­քե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը իս­կա­պէս ա­նակն­կալ կը հա­մա­րեն այս ո­րո­շու­մը, որ կը զու­գա­դի­պի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղուած Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն Ռու­սաս­տա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ Սու­րիոյ մէջ հաս­տա­տուած է հրա­դա­դար մը, ո­րու ար­դիւնք­նե­րը կը հա­մա­րուին յա­րա­բե­րա­բար դրա­կան։ Ու­րեմն, այս­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ ռու­սա­կան զօր­քե­րը սկսած են հրա­ժեշտ տալ Սու­րիոյ, թէեւ ա­նոնք ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի չպար­պեն Լաս­քիէի եւ Թար­թու­սի ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րը։

Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Փու­թին այս ո­րո­շու­մը ա­ռած է Դա­մաս­կո­սի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հետ խորհր­դակ­ցա­բար։ Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով յայտ­նեց, թէ ռուս ղե­կա­վա­րը զօր­քե­րը ետ կան­չե­լու ո­րո­շու­մէն ա­ռաջ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած է Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի հետ։ Փու­թին ռու­սա­կան զօր­քե­րը ետ կան­չե­լու նիւ­թին շուրջ հե­ռա­ձայ­նով տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած է նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յին։ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ռու­սաս­տա­նի հետ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի։

Ռուս քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­ներ պնդած են, որ ե­թէ Փու­թին զօր­քե­րը ետ չկան­չէր Սու­րիա­յէն, ա­պա Թուր­քիա եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա միաս­նա­բար պի­տի ջա­նա­յին մուտք գոր­ծել այն­տեղ։ Ռու­սաս­տա­նի այս քայ­լով կան­խուած է Թուր­քիոյ եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սու­րիա մուտք գոր­ծե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։  

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016