ԱԼԻԵՒԻ ԿՈՂՄԷ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տար Պաքու, ուր պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին հինգերորդ ժողովը։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գային TANAP ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղեալ աշխատանքներուն թափ տրուիլը։ Կը նախատեսուի, որ 2018 թուականին այս նախագիծը արդէն հասած ըլլայ իր աւարտին։ Հարկ է նշել, որ այս ժողովը տեղի պիտի ունենար շուրջ ամիս մը առաջ, սակայն Էրտողան Պաքու չէր կրցած մեկնիլ այդ օրերուն Անգարայի մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով։ Նկատի ունենալով, որ ճշդուած նոր թուականին ալ մայրաքաղաքին մէջ պատահեցաւ ահաբեկչական նոր յարձակում մը, Իլհամ Ալիեւ առաջարկած է, որ վերոյիշեալ խորհուրդի հինգերորդ ժողովին վայրը ենթարկուի փոփոխութեան։ Ան առաջարկած է ժողովը իրականացնել Պաքուի փոխարէն Անգարայի մէջ ու պատրաստակամութիւն յայտնած է այցելել Անգարա՝ որպէս զօրակցութեան շօշափելի դրսեւորում ի նպաստ Թուրքիոյ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը մղէ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ընդունած է Ալիեւի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ շարժոյթին համար։
Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ ժամը 10.00-ին հասաւ Անգարա, ուր Էսէնպողայի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի կողմէ։ Ան աւելի վերջ առաջնորդուեցաւ Պէշթէփէ, ուր նախագահական պալատէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց զինքը։