ԺԱ­ՄԱ­ԿԱՐ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ

«Ժա­մա­կար­գու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­մա­սա­ցու­թիւն, ծէս, ժա­մե­րու դա­սա­ւո­րում։ Ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով՝ ժա­մե­րու, այ­սինքն ժա­մեր­գու­թեան եւ ժա­մա­սա­ցու­թեան, պաշ­տա­մուն­քի յա­տուկ ե­կե­ղե­ցա­կան կարգն է։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­նի ժա­մեր­գու­թեան յա­տուկ կար­գը։ Ուս­տի կ՚ար­ժէ ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը դի­տել ան­գամ մըն ալ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան տե­սան­կիւ­նէն եւ տես­նել, թէ ինչ­պէս հա­սած ենք ներ­կայ վի­ճա­կին։

Ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած է Դ եւ Ե դա­րե­րուն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, եւ յա­ջորդ դա­րե­րուն ալ շա­րու­նա­կուած է նոյն բա­ժան­մունք­նե­րով։ Մինչ, ան բո­վան­դա­կու­թեան կող­մէ զա­նա­զան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կուե­ցաւ յա­ւե­լում­ներ եւ կրճա­տում­ներ, յա­պա­ւում­ներ կա­տա­րուե­լով։

Պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րով կա­րե­լի չէ ճշդիւ ո­րո­շել կա­տա­րուած փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կը եւ թէ ո­րոնց ձեռ­քով ի­րա­կա­նա­ցած ըլ­լա­լը։ Ար­դա­րեւ ժա­մա­կար­գու­թեան հնա­գոյն նկա­րա­գի­րը կու տայ Ը դա­րուն՝ Յով­հան Ի­մաս­տա­սէ­րը եւ Ժ դա­րուն՝ Խոս­րով Ան­ձե­ւա­ցին։ Ուս­տի ժա­մա­կար­գու­թեան զար­գաց­ման պատ­մու­թեան հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է ձե­ռա­գիր­նե­րու գո­յու­թիւ­նը՝ ա­նոնց հա­մե­մա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար՝ հին յու­նաց եւ ա­սոր­ւոց ժա­մա­կար­գու­թեան օգ­նու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ Յով­հան Ի­մաս­տա­սէ­րի եւ Խոս­րով Ան­ձե­ւա­ցիի նկա­րագ­րա­կա­նը ըստ էա­կա­նին նոյնն է ներ­կայ պաշ­տա­ման կար­գին։ Թէ­պէ­տեւ ներ­կայ ժա­մա­կար­գու­թեան մէջ մա­սեր կը գտնուին, որ ԺԲ դա­րուն Շնոր­հա­լիի օ­րով եւ ա­ւե­լի վերջ միայն մուտք գոր­ծե­ցին։ Զոր օ­րի­նակ, հին ժա­մա­նակ­նե­րուն «Մե­ծա­ցուս­ցէ» շա­րա­կան­նե­րը մի­միայն Կի­րա­կի օ­րեր կ՚եր­գուէին, բայց ԺԲ դա­րէն սո­վո­րու­թիւն դար­ձաւ ա­մէն ա­ռա­ւօ­տեան պաշ­տա­մուն­քի ժա­մա­նակ եր­գել։

Ա­րե­ւա­գա­լի կար­գը հաս­տա­տեց Եզ­րաս Կա­թո­ղի­կոս, իսկ Ա­րե­ւա­գա­լի յոր­դո­րակ­ներն ու եր­գե­րը ԺԶ դա­րուն միայն կ՚ե­րե­ւին եւ կը գոր­ծադ­րուին։

Օրհ­նու­թեան ժա­մա­նակ ներ­կա­յիս սո­վո­րու­թիւն է քա­ղուածք­ներ ը­նել, բայց այս սո­վո­րու­թիւ­նը մին­չեւ ԺԲ եւ ա­ւե­լի ուշ մին­չեւ ԺԵ դար գո­յու­թիւն չու­նէր։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ար­դի «Խո­նար­հե­ցո եւ Ապ­րե­ցո» փո­խե­րը հաս­տա­տուե­ցան Ներ­սէս Շի­նո­ղի ձեռ­քով՝ Է դա­րուն։ Շա­բաթ ե­րե­կո­յի «Ճրա­գաց օրհ­նու­թիւն»ը՝ Լոյս Զուար­թը շա՜տ հին երգ է՝ յու­նա­րէ­նէն թարգ­մա­նուած փո­փո­խու­թեամբ։

Հին ժա­մա­նակ­ներ, Շա­բաթ գի­շեր­ներ հսկում կը կա­տա­րուէր սաղ­մոս­նե­րու եւ մար­գա­րէա­կան գիր­քե­րու ըն­թերց­մամբ։ Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն այդ սո­վո­րու­թիւ­նը մի­միայն մե­ծա­մեծ տօ­նե­րուն կը կա­տա­րուի, այն ալ՝ այ­լա­պէս։

Խա­ղա­ղա­կան եւ Հանգս­տեան ժա­մեր­գու­թիւ­նը (Ե­կես­ցէ) մին­չեւ Ժ դար գո­յու­թիւն չու­նէր եւ Խոս­րով Ան­ձե­ւա­ցին չի խօ­սիր այդ մա­սին։ Այդ կար­գը մուտք գոր­ծած է նախ վան­քե­րու մէջ ԺԲ դա­րուն յոյ­նե­րէն Լամբ­րո­նա­ցիի ձեռ­քով եւ ա­ւե­լի վերջ հետզ­հե­տէ ընդ­հան­րա­ցած է՝ ըն­դու­նե­լով նաեւ յա­ւե­լուած­ներ, զոր օ­րի­նակ, «Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ» եւ այլն։

Տա­թե­ւա­ցին այդ կար­գի կա­տար­ման հա­մար կ՚ը­սէ. «Զայն կա­տա­րեմք ի վե­րայ ան­կող­նոց եւ ննջեմք»։ Ներ­կա­յիս այս կար­գը կը կա­տա­րուի ե­կե­ղե­ցին։

Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դը ա­նա­պակ գի­նիով, այ­սինքն ջինջ, ան­խառն եւ զուտ գի­նիով եւ բա­ղարջ հա­ցով՝ անխ­մոր հա­ցով կը կա­տա­րուէր, ինչ­պէս մին­չեւ այ­սօր, եւ այս յատ­կա­պէս կը շեշ­տեն մեր ե­կե­ղե­ցա­կան բո­լոր կա­նո­նե­րը։

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ ակ­նարկ իսկ կա­րե­լի է գտնել, թէ հա­յոց մէջ երբ ե­ւի­ցէ «ջրա­խառն» պա­տա­րա­գե­լու սո­վո­րու­թիւն ե­ղած ըլ­լայ։ Այս­տեղ ան­շուշտ նկա­տի առ­նե­լու չենք յու­նա­կան ե­կե­ղե­ցիին յա­րած հա­յե­րու սո­վո­րու­թիւ­նը՝ Եզ­րի ժա­մա­նակ­նե­րէն սկսած։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ միշտ հա­ղոր­դուած են եր­կու տե­սա­կով եւ այն հին ե­կե­ղե­ցա­կան սո­վո­րու­թեան հա­մե­մատ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին ըն­դու­նե­լով՝ ինչ­պէս Դուի­նի ժո­ղո­վի կա­նո­նէն կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, բայց ա­ւե­լի վեր­ջի շրջան­նե­րուն ըն­դու­նուած է այ­սօ­րուայ միան­գա­մից հա­ղոր­դուե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը։

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օր հա­ղոր­դուե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը ե­ղած է հա­յոց մէջ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր, բայց այդ սո­վո­րու­թիւ­նը իբ­րեւ «քաղ­կե­դո­նա­կան» կը մեր­ժէ Յով­հան Ի­մաս­տա­սէ­րը, պա­տուի­րե­լով՝ Զատ­կին հա­ղոր­դուիլ, ո­րով եւ մեծ պահ­քը չլու­ծե՛լ։

Զ դա­րուն՝ Դուի­նի ժո­ղո­վին Զ եւ Ը կա­նոն­նե­րէն կը հասկ­ցուի, որ Շա­բաթ, Կի­րա­կի եւ տօն օ­րեր ան­խա­փան Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուէր։ Նոյ­նը կը հաս­տա­տէ Յով­հան­նէս Օձ­նե­ցին նաեւ Քա­ռաս­նոր­դա­կան պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րուն հա­մար։ Նա­խա­պէս սո­վո­րու­թիւն էր Ուր­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը պա­տա­րա­գել, բայց կ՚ե­րե­ւի թէ երբ մար­տի­րոս­նե­րու տօ­նե­րը Շա­բաթ օ­րեր սկսան տօ­նուիլ, այն ժա­մա­նակ եւ Ուր­բաթ օ­րուան Պա­տա­րա­գը Շա­բաթ օ­րը փո­խադ­րուե­ցաւ։

Ամ­բողջ Յի­նուն­քին պա­տա­րա­գե­լու ներ­կայ սո­վո­րու­թիւ­նը Ե դա­րէն կու գայ։ Հետզ­հե­տէ սո­վո­րու­թիւն դար­ձաւ նաեւ շա­բա­թուայ միւս օ­րե­րուն ալ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել՝ հան­գու­ցեալ­նե­րու հո­գիի փրկու­թեան հա­մար, նուի­րա­տու­նե­րու խնդրան­քով մա­նա­ւանդ։

Աս­տուա­ծպաշ­տու­թեան կա­տա­րու­մը շա­բա­թով բա­ժա­նուած էր քա­հա­նայ հայ­րե­րու մէջ, բայց եւ գլխա­ւոր քա­հա­նայ հօր պարտքն ու պար­տա­կա­նու­թիւնն էր՝ մշտա­պէս ե­կե­ղե­ցին գտնուիլ, ըստ Սա­հա­կի կա­նո­նե­րու։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թուան հա­մար, այ­սինքն շա­բա­թա­կան եւ քա­ռաս­նօ­րեայ էր, միայն Յով­հան Ի­մաս­տա­սէ­րը թոյլ կու տայ կա­մե­ցող­նե­րուն Պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րեր լու­ծել, ըստ Է կա­նո­նին, ինչ­պէս եւ սո­վո­րու­թիւն էր նաեւ եր­բեմն Ե­րու­սա­ղէ­մի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Զ դա­րուն Յուս­տի­նիա­նո­սի օ­րով յու­նաց մէջ սկսուե­ցաւ տօ­նել Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը։ Հա­ւա­նա­բար Է դա­րուն ալ նոյն սո­վո­րու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մուտք գոր­ծեց։ Այս տօ­նի կա­նո­նը «Մարմ­նա­ցեալդ ի Կու­սէն» ա­ւան­դու­թիւ­նը կը վե­րագ­րուի Մով­սէս Քեր­թո­ղին, որ ապ­րած է Զ-Է դա­րուն։ Ստե­փա­նոս Սիւ­նե­ցի Ը դա­րու ա­ռա­ջին մա­սին կը յի­շէ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը։

Ա­ւետ­ման տօ­նը Հայ Ե­կե­ղե­ցին մին­չեւ ԺԱ դար, որ­պէս ան­կախ տօն տօ­նած չէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 20, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016