ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալի արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը, մինչ երգեցողութիւնները կատարեցին Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւոր դպիրները։ Այս անգամ եւս հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր երկիւղածութեամբ երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն, իսկ Արեւագալէն վերջ կատարուեցաւ ջրօրհնէք։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը սարքեց Մեծ պահոց շրջանի հերթական սիրոյ սեղանը։ Այս առթիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ համախմբուեցան հաւատացեալները, որոնք իրարու հետ հաց բեկանեցին։ Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները ջերմօրէն հիւրընկալեցին այս հոգեճաշ-սիրոյ սեղանին մասնակիցները։ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր օրերու ընդառաջ հաւատացեալները իրարու հրաժեշտ տուին՝ յաջորդ տարուան արժանի ըլլալու մաղթանքով։