ԱՀԱԶԱՆԳ՝ ՔԱՆԻ ԴԵՌ ՈՒՇ ՉԷ

Գաղտ­նիք մը չէ, որ տպա­գիր մա­մու­լը կը նա­հան­ջէ իր տե­ղը տա­լով ե­լեկտրո­նա­յի­նին: Այս ե­րե­ւոյ­թը հա­մաշ­խար­հա­յին է:

Հա­կա­ռակ այս վտան­գի յստակ նշոյլ­նե­րուն, մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րէն է նմա­նօ­րինակ ակ­նե­րեւ վտան­գի դի­մաց խուլ եւ կոյր ձե­ւա­նալ՝ քա­նի ան մե­զի ուղ­ղա­կիօ­րէն չէ հա­րուածած:

«Դա­նա­կը  ոս­կո­րին հա­սած ըլ­լա­լու» ա­հա­զան­գը ար­դէն հնչեց քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ, երբ լի­բա­նա­նեան մա­մու­լի տի­տան­ներ, ո­րոնք ա­տե­նէ մը ի վեր կը տա­ռա­պին պիւտ­ճէա­կան բացով ու ամ­սա­թո­շակ­նե­րու կա­ղա­ցու­մով, «սպի­տակ դրօ­շ» պար­զե­ցին:

Ա­նոնց­մէ մե­ծա­գոյ­նին՝ «Նա­հա­ր»ի անմ­խի­թար վի­ճա­կը ոչ մէ­կուն գաղտ­նի էր: Ա­սոր վրայ ե­կաւ ա­ւել­նա­լու նաեւ լի­բա­նա­նեան մամ­լոյ այլ տի­տա­նի մը՝ «Սա­ֆի­ր»ի գլխա­ւոր խմբա­գի­րին նա­մա­կը, ուղ­ղուած իր թեր­թի ըն­տա­նի­քին, ա­նոնց զգու­շաց­նե­լով ու նա­խա­պատ­րաս­տե­լով գա­լիք դժուար օ­րե­րու մա­սին՝ ինչ կը վե­րա­բե­րի «Սա­ֆի­ր»ի նիւ­թա­կան վի­ճա­կին:

Նմա­նօ­րի­նակ նա­մակ մըն ալ լի­բա­նա­նեան այլ պաշ­տօ­նա­կից՝ «Ալ Լիուաա»ի գլխա­ւոր խմբա­գի­րը ստո­րագ­րած է, պաշ­տօ­նա­կան շրջա­բե­րա­կա­նով մը դու­ռը բաց հա­մա­րե­լով այն աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հրա­ժա­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք այդ­պէս կը փա­փա­քին...:

Ի տես այս տխուր ի­րա­կա­նու­թեան, ո՞ւր ենք մենք այ­սօր, որ­պէս լի­բա­նա­նա­հայ տպա­գիր մա­մուլ: Բա­րե­բախ­տա­բար մեր ե­րեք օ­րա­թեր­թե­րը կու­սակ­ցա­պատ­կան են եւ ո՛չ ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ: Հե­տե­ւա­բար ա­նոնք կրնան, որ­պէս ա­ռա­քե­լու­թիւն՝ քիչ մը եւս տո­կալ... սա­կայն մին­չեւ ե՞րբ:

Այս պա­րա­գա­յին դար­ձեալ բա­րե­բախ­տա­բար, հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ շատ յա­ճախ հայ­կա­կան մա­մու­լին մէջ կը ծա­նու­ցեն՝ ա­ռեւտ­րա­յին նպա­տա­կին ա­ռըն­թեր նաեւ ա­նոր նե­ցուկ կանգ­նե­լու հա­մար: Ազ­նիւ է այս մշա­կոյ­թը, ո­րուն ե­րախ­տա­պարտ ենք: Սա­կայն դար­ձեալ մին­չեւ ե՞րբ:

Ե­թէ տե­ղա­կան մա­մու­լին հետ հա­մե­մա­տած մենք ու­նինք վե­րի յու­սադ­րիչ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, սա­կայն կայ ա­մե­նավ­տան­գա­ւո­րը, որ­մէ զերծ են մեր տե­ղա­կան մա­մու­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րը: Լե­զուի հար­ցը: Մա­մու­լը ըն­թեր­ցո­ղի պէտք ու­նի: Այս կէ­տին մէջ մենք օ­րըս­տօ­րէ կ՚ան­դա­մա­լու­ծուինք ըն­թեր­ցո­ղի՝ նա­մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ  սե­րուն­դին մօտ հա­յե­րէն լե­զուի իմա­ցու­թեան պա­կա­սով:  Այս մէ­կը կը վտան­գէ ոչ միայն ա­րեւմ­տա­հա­յա­տառ տպա­գիր մամու­լը, այլ ե­լեկտ­րո­նա­յինն ալ, գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւնն ալ եւ ին­չու չէ բո­վան­դակ Հայ Սփիւռ­քի գո­յու­թիւ­նը...:

Այս ե­րե­ւոյ­թին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար մենք պէտք ու­նինք հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժի: Ըն­տա­նիք-դպրոց-ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ-մա­մուլ գի­տա­կան լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու վրայ հիմ­նուած  սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մա­կար­գու­մի:

Ա­տե­նին նման ա­հա­զան­գա­յին զօ­րա­շար­ժի մը չգո­յու­թիւ­նը՝ դե­ռեւս իր այ­սօ­րուայ ոչ-նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կին հաս­ցուց լի­բա­նա­նա­հայ վար­ժա­րա­նը:

Թող լի­բա­նա­նա­հայ մա­մու­լը նոյն վի­ճա­կին չհաս­նի: Շար­ժինք քա­նի ուշ չէ:

Այս մէ­կը ա­ռօ­րեայ գրու­թիւն չէ՛: Այլ ա­հա­զանգ է՛ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք լսող ա­կանջ ու ազ­գա­յին գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րով միա­կամ գոր­ծի լծուե­լու պատ­րաստ ջիղ եւ տես­լա­կան ու­նին դեռ:

ՍԵ­ՒԱԿ  ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016