ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ Գեղամ Գրիգորեան

Կեան­քէն հե­ռա­ցած է հայ ա­նուա­նի օ­փե­րա­յի եր­գիչ (թե­նոր) եւ բե­մադ­րիչ, Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար, Լի­թուա­կան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» եւ «Հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մար» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի մե­տայ­լա­կիր Գե­ղամ Միհ­րա­նի Գրի­գո­րեան:

Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նի թաղ­ման հետ կա­պուած կը ստեղ­ծուի կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով:

Գե­ղամ Գրի­գո­րեան ծնած է 1951 թուա­կա­նի Յու­նուար 29-ին, Ե­րե­ւան:

Ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը` Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, Փրոֆ. Սէր­կէյ Դա­նիէ­լեա­նի դա­սա­րա­նը: Գրի­գո­րեան ա­ռա­ջին ան­գամ մեծ բե­մի վրայ հան­դէս ե­կած է 1971 թուա­կա­նին, քսան տա­րե­կա­նին, 1972 թուա­կա­նին մե­նա­հա­մերգ­նե­րով մեկ­նած է ա­րեւմ­տեան Պեր­լին:

1975 թուա­կա­նին կա­յա­ցաւ ա­նոր ե­լոյ­թը Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ` Էտ­կա­րի դե­րեր­գով, Տո­նի­ցե­թիի «Լու­չիա տի Լա­մեր­մուր» օ­փե­րա­յին մէջ: Այ­նու­հե­տեւ Սա­րոն (Ար­մէն Տիգ­րա­նեա­նի «Ա­նուշ»), Տի­րի­թը (Տիգ­րան Չու­խա­ճեա­նի «Ար­շակ Բ.»), Սա­յաթ Նո­վա (Ա­լեք­սանդր Յա­րու­թիւ­նեա­նի «Սա­յաթ Նո­վա»), Կոմս Ալ­մա­ւի­ւա (Ռոս­սի­նի «Սե­ւի­լեան սափ­րիչ»), Ֆաուստ (Կու­նո­յի «Ֆաուստ»): 1970-ա­կան­նե­րուն Գրի­գո­րեան յայտ­նի մե­ներ­գիչ ե­ղած է ողջ Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէջ:

1978 թուա­կա­նին մաս­նակ­ցած է Մի­լա­նո­յի «Լա Սքա­լա» թատ­րո­նի Գե­ղա­րուես­տա­կան կա­տա­րե­լա­գործ­ման դպրո­ցի մրցոյ­թին (Scuola di Perfizionamento Artistico) եւ ընդգր­կուած այն չորս եր­գիչ­նե­րու կազ­մին մէջ, ո­րոնք հրա­ւի­րուած են աշ­խա­տան­քա­յին փորձ կա­տա­րել «Լա Սքա­լա»ի մէջ:

Այդ տա­րի­նե­րուն Ի­տա­լիոյ մէջ Գե­ղամ Գրի­գո­րեան ու­նե­ցած է շարք մը հա­մերգ­ներ: «Լա Սքա­լա»ի մէջ հան­դէս ե­կած է Պին­կեր­թո­նի դե­րով (Փու­չի­նիի «Մա­տամ Պա­թըրֆ­լայ» օ­փե­րա): Այս ե­լոյ­թէն յե­տոյ ան «Լա Սքա­լա»ի թատ­րո­նին հետ ստո­րագ­րած է պայ­մա­նա­գիր այն­տեղ «Պո­րիս Կո­տու­նով» եւ «Թոս­քա» օ­փե­րա­յին ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն գլխա­ւոր դե­րե­րով հան­դէս գա­լու հա­մար՝ խմբա­վար Քլաու­տիօ Ապ­պա­թո­յի ղե­կա­վա­րու­մով, որ այն ժա­մա­նակ «Լա Սքա­լա»ի գլխա­ւոր խմբա­վա­րը ե­ղած է:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016