ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Թավրայի։ Թաղականներուն կ՚ուղեկցէր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Եղիա Քհնյ. Քերվանճեան։
Այս տարի Ապրիլի 3-ին տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որուն ընդառաջ թաղականները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Այս առթիւ անոնք խնդրեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը հովանաւորէ աւանդական հանդիսութիւնները։ Ընթացիկ գործունէութեան առընթեր, թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին կարգ մը կարեւոր վարչական խնդիրներու շուրջ։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը ներկայիս մտադրութիւններ ունի նաեւ եկեղեցւոյ յարակից երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը աւելի նպատակայարմար եւ արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու ուղղութեամբ եւ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին աշխատանք տանիլ այս ուղղութեամբ։
Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն լսած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ, Տէր Հօր եւ թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, նաեւ յղեց յաջողութեան ու կարողութեան բարեմաղթանքներ։