ՀԱՒԿԻԹ ՆԵՐԿԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Զատկի տօնի առթիւ սովորութիւն է եւ ժողովրդական-մշակութային աւանդութիւն՝ հաւկիթ ներկելը, ձուախաղը կամ հաւկիթներ իրար զարնելով մրցելու սովորոյթը։ Արդարեւ Զատկի տօնը եւ հաւկիթը կարծես նոյնացած է թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքէն ներս եւ այս սովորութիւնը, սերունդէ սերունդ շարունակուելով «աւանդութեան» արժէք է ստացած։
Թէեւ մեր վերնագիրն է «Հաւկիթ ներկելու խորհուրդ»ը, բայց այստեղ «խորհուրդ» բառը ո՛չ թէ իր յատուկ, կրօնական իմաստով, այլ ընդհանուր առմամբ պէտք է նկատի ունենալ, «իմաստ» նշանակութեամբ։
Սակայն «հաւկիթ»ը որպէս խորհրդանշան՝ կրօններու եւ ժողովուրդներու սովորութիւններու մէջ ընդհանրապէս տեղ գրաւած է եւ յաճախ ալ օգտագարծուած։
Այս պատճառով, հաւկիթ ներկելու սովորութիւնն ալ պէտք չէ հեռու նկատուի «խորհուրդ» որակումէն։
Հաւկիթը բեղմնաւոր մաս, աճման եւ մանաւանդ սերնդագործութեան խորհրդանիշ համարուած է տարբեր շրջաններու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ։ Ուստի շատ ժողովուրդներու մէջ, բոլորովին անկախ մէկզմէկէ՝ եւս ունեցած են հաւկիթ ներկելու սովորութիւնը, ինչպէս կը վկայեն պատմութեան զանազան իրողութիւններ։
Հաւկիթ ներկելու սովորութեան, եւ հետզհետէ աւանդութեան ատեն, ընդհանրապէս գործածուած է կարմիր գոյնը՝ որպէս արեան խորհրդանիշ, բայց ուրիշ տարբեր գոյներ ալ օգտագործուած է պատմութեան ընթացքին, եւ ինչպէս մինչեւ մեր օրերը։ Զոր օրինակ, եգիպտացիները որպէս «նուիրական ընծայ»՝ իրարու ներկուած հաւկիթ կը փոխանակէին։ Իրանի մէջ Նոր տարւոյ առթիւ, որպէս նուէր՝ ներկուած հաւկիթ կը փոխանակեն։ Հրեայ ժողովուրդը Պասեքի, այսինքն հրէական զատիկի ժամանակ հաւկիթ կը գործածէին։
Իսկ հայերու մօտ ճրագալոյցի երեկոյան տօնացոյցի համաձայն՝ ընթրիքը կը կայանար ձուկէ եւ շոմինէ (=սպանախ)՝ վրան հաւկիթ կոտրուած։ Իրանահայերը սովորութիւն ունին «քուքու փլաւ» պատրաստել։ Հնդիկներու մէջ եւս խորհրդանշական կերպով հաւկիթի գործածութիւնը տարածուած է։
Թէ երբէն ի վեր սկսած է հաւկիթ ներկելու սովորութիւնը՝ այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ կը պակսին դժբախտաբար։ Այս մասին կարելի է թուել հետեւեալ աւանդութիւնները.
ա) Աւանդութեան մը համաձայն՝ Մարիամ Մագդաղինացին կը մեկնի Հռոմ՝ Աւետարանը քարոզելու համար։ Այս առթիւ կը ներկայանայ Տիբերիոս կայսրին եւ անոր կը նուիրէ կարմիր հաւկիթ, ըսելով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», եւ յետոյ կը սկսի Աւետարանը քարոզել։ Անշուշտ, այս իրողութիւնը լոկ առասպել կարելի է համարել։
բ) Բոլոր կրօններու մէջ հաւկիթը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ. մինչեւ իսկ հին հռոմայեցիները եւ յոյները հաւկիթ կը նուիրէին իրենց չաստուածներուն՝ սրբուելու եւ մաքրուելու համար։
գ) Հրեաները Պասեքի տօնին կը պատրաստուէին բաղարջ հաց, այսինքն անխմոր հաց, զատկական գառը եւ պինդ խաշած հաւկիթը անպակաս ընելով իրենց սեղանէն։
դ) Կաթոլիկ համայնագիտարանը «ձու», այսինքն «հաւկիթ» բառի դիմաց կու տայ նաեւ հետեւեալ բացատրութիւնը։ «Հին ժամանակ հաւկիթը գարնան եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշն էր, գարնան սկիզբին մարդիկ իրարու հաւկիթ կը նուիրէին։ Միջին դարերուն, պասի ժամանակ, երբ հաւկիթ ուտելը արգիլուած էր, հաւատացեալները հաւկիթ ուտելու եւ նուիրելու սովորութիւնը վերապահեցին Կիրակի օրուան։ Իսկ զատկական հաւկիթը այժմ խորհրդանիշն է այն ժայռէ գերեզմանին, ուրտեղէն Քրիստոս յարութիւն առաւ։ Քրիստոնեաները հաւկիթը կը ներկէին, կ՚օրհնէին՝ օրհնել կու տային, յետոյ կ՚ուտէին եւ որպէս նուէր՝ կու տային իրենց բարեկամներուն»։
ե) Կրօններու մէջ, ընդհանրապէս հաւկիթը կը համարուի նաեւ «յարութեան խորհրդանիշ», քանի որ իր մէջ կը պարունակէր «կեանքի նոր սերմ»ը, այլ խօսքով՝ ծնունդ կ՚ունենար իրմէ։ Հաւկիթը կը ներկէին կարմիր գոյնով՝ որպէս ուրախութեան խորհրդանշան։ Կարմիրը կը խորհրդանշէ նաեւ «զոհի արիւն»ը, հետեւաբար՝ հաւկիթը որպէս խորհրդանիշ՝ կը պատկանի նախաքրիստոնէական շրջանին, իսկ «հաւկիթ ներկել»ը մաս կը կազմէր գարնան, այսինքն բնութեան վերակենդանացումին հանդիսութիւններուն։
Քրիստոնեաներու մօտ գործածական դառնալէն յետոյ՝ կարմիրը, կարմիր գոյնը խորհրդանշեց Քրիստոսի խաչին վրայ հեղած արիւնը։
զ) Զրադաշտականներու մօտ (=հրապաշտ, մազդեզական, կրապաշտ) ցարդ արարողութեան ընթացքին կը գործածուի հաւկիթ. իսկ պարսիկները «Նորուզի հաֆթսին»ի սեղանի վրայ կը դնեն նաեւ հաւկիթ։ Եւ հաւանաբար, հայերու մօտ եւս գործածական էր հաւկիթ ներկելու սովորութիւնը եւ գարնանային տօնակատարութիւններու ընթացքին հաւկիթը կը ներկէին որդան կարմիրով՝ որպէս ուրախութեան նշան։ (Որդան=կարմիր որդ՝ որմէ կարմիր ներկ կ՚արտադրուի)։
է) Ս. Գրիգոր Տաթեւացին հաւկիթը ներկելու մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ։
«Զատկի այս առաջին Կիրակիի Շաբաթ օրը կարմիր հաւկիթ կը ներկենք, եւ անոր խորհուրդը այն է, որ միա՛յն Զատկին հաւկիթ կը ներկենք, եւ անոր խորհուրդը այն է, որովհետեւ հաւկիթը (ձուն) օրինակն է ամբողջ աշխարհի, ինչպէս որ իմաստունները կ՚ըսեն՝ դուրսի կեղեւը կը նմանի երկինքին, մղզնաձեւը (թաղանթաձեւը՝ նուրբ մաշկը, բարակ մորթը) օդի, սպիտակուցը՝ ջուրի, դեղինն ալ երկիրն է, այսինքն՝ մէջը։ Իսկ կարմիր ներկելը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուեցաւ Քրիստոսի արիւնով։ Եւ մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով՝ կը հռչակենք մեր փրկութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով է, որ նախ կարմիր գոյնով ներկուած հաւկիթ կ՚ուտենք եւ յետոյ միւս կերակուրները կը ճաշակենք»։
Առհասարակ, հնագոյն շրջաններուն եւ հին կրօններու մէջ հաւկիթը որպէս օրինակ՝ օգտագործուած է «տիեզերքի էութիւնը բացատրել»ու համար։
Հնդիկները այն կարծիքը ունէին, թէ՝ ամբողջ տիեզերքը ծածկուած է հաւկիթի կեղեւի նման եւ դուրսի կողմին վրայ կը գտնուի ջուրն ու կրակը, օդն ու եթերը։ (Եթեր=օդի նօսրագոյն մասը՝ երկինք, անջրպետ)։
Հաւկիթ ներկելը կրօնական որեւիցէ հիմունք մը ունի՞, թէ ո՛չ։ Կարելի է ըսել, որ քրիստոնէական վարդապետութեան տեսանկիւնէն որեւիցէ հիմունք չունի՛, այլ՝ պարզապէս ժողովրդական «սովորութի՛ւն» մըն է, եւ հաւկիթը որպէս խորհրդանիշ՝ բոլոր կրօններու մէջ գործածական եղած է։
Իր ընդհանուր գիծերով այս է հաւկիթին խորհուրդը եւ «հաւկիթ ներկել»ու սովորութիւնը…։
- Օգտուեցանք՝ Արտակ Արքեպիսկոսպոս Մանուկեանի «Շողակաթ» գիրքի Ա. հատորէն։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 22, 2016, Լիոն