ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ

«Այլ շնորհք Աս­տու­ծոյ, որ ետ մեզ զյաղ­թու­թիւն ի ձեռն
Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։

­Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,

Քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին մէջ ճա­ռա­գայ­թող մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կը Յա­րու­թեան շունչն է, որն յե­ղաշր­ջեց մարդ­կու­թիւ­նը եւ նոյն մար­դուն հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հին մէջ հաս­տա­տեց վերս­տին կեն­դա­նու­թեան հա­ւատքն ու տե­սիլ­քը։ Յա­րու­թեան շուն­չին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ մար­դը իր մէջ վե­րագ­տաւ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը, որն հետզ­հե­տէ ա­ղօ­տուած ու տկա­րա­ցած էր մեղ­քին ծան­րու­թեան տակ։ Եւ ինչ­պէս Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ իր Կորն­թա­ցի­նե­րուն ուղ­ղուած նա­մա­կին մէջ. «Այլ շնորհք Աս­տու­ծոյ, որ ետ մեզ զյաղ­թու­թիւն ի ձեռն Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի»։

­Մեծ պահ­քի քա­ռաս­նօ­րեայ ա­ղօթ­քի ու պա­հե­ցո­ղու­թեան ճա­նա­պար­հոր­դու­թե­նէն յե­տոյ հո­գե­ւո­րա­պէս ամ­րա­ցած եւ Ա­ւագ շաբ­թուան գու­նա­գեղ պատ­կե­րով ներշն­չուած, մեր էու­թեան մէջ ա­ռա­ւել պայ­ծա­ռա­տես աչ­քե­րով կ՚ապ­րինք Քրիս­տո­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րուն Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին ի տես կը վկա­յենք նաեւ մենք Իւ­ղա­բեր Կա­նանց հետ մեղ­քին վրայ տա­րուած յաղ­թա­նա­կը եւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ բա­ցուած ճա­նա­պար­հը լոյ­սի։

«Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց»

«Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի»

Յայ­տա­րա­րել Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ զայն դարձ­նել պատ­կերն ու հա­յե­լին մեր կեան­քին։ Եւ ինչ­քան հա­ւատ­քով կը կեդ­րո­նաց­նենք մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին վրայ, ա­պա այն­քան կը մօ­տե­նանք ու կը միա­նանք Քրիս­տո­սի եւ կը դառ­նանք նմա­նա­կից Ա­նոր կեան­քին։ Կը նշա­նա­կէ, թէ երբ կը հե­տե­ւինք Քրիս­տո­սի կեն­դա­նի պատ­կե­րին ա­ղօթ­քով ու եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ, ա­պա մեր մէջ կը դադ­րի մեղքն ու Աս­տուծ­մէ օ­տա­րա­ցած մար­դը։ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դով լե­ցուած մար­դը, երբ իր կեան­քի ըն­թաց­քը կը հաս­տա­տէ ու­ղիղ, ար­դար, ճշմա­րիտ, աս­տուա­ծա­նուէր ու մար­դա­սէր ու­ղիին վրայ, այդ­պի­սին ար­դէն գործ­նա­պէս կը տօ­նախմ­բէ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը։

Մար­դը, ան­տա­րա­կոյս, իր էու­թեամբ տկար ա­րա­րած մըն է եւ սա­կայն ե­թէ հո­գե­ւոր էակ մըն ենք, ա­պա մեր մէջ կրնանք ջեր­մաց­նել փա­փաքն ու ներ­քին մղու­մը բարձ­րա­նա­լու առ Աս­տուած, ո­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած է միայն ու միայն պայ­ծա­ռա­կերպ կեան­քի ըն­թաց­քով մը։

Հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուրդ, նա­յե­ցէք Քրիս­տո­սի կեան­քի ճա­նա­պար­հին ու Ա­նոր խօս­քե­րուն մէջ մկրտե­ցէք ձեր կեան­քը, որ­պէս­զի դառ­նանք նոր ի Քրիս­տոս։

Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը ար­դա­րեւ կեան­քի գիրքն է, տար­բեր միւս բո­լոր գիր­քե­րէն ու գէթ ի վեր մարդ­կա­յին այն ըմբռ­նում­նե­րէն, ո­րոնց ար­մա­տը Աս­տու­ծոյ սէրն ու ի­մաս­տու­թիւ­նը չէ։ Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը մար­դուն կը շնոր­հէ յաղ­թու­թիւն եւ ա­ռա­ւել կեանք, ո­րուն գի­տակ­ցու­թիւ­նը կ՚ար­մա­տա­նայ մեր մէջ, մա­նա­ւանդ Զատ­կուան Ս. Պա­տա­րա­գին, երբ բո­լո­րով հո­գե­ւին հրճուած կը յայ­տա­րա­րենք.

«Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց»

«Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի»

Հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լին հա­մար Զա­տի­կը, Ս. Յա­րու­թեան տօ­նը՝ տօնն է նաեւ մեր յաղ­թա­նա­կած կեան­քին, ո­րուն գրա­ւա­կանն է մեր հա­ւատ­քը։ Մեր ազ­գի կեան­քին ու պատ­մու­թեան ճա­նա­պար­հը նման է Քրիս­տո­սի կեան­քին Գող­գո­թա­յի ճա­նա­պար­հին։

Նման է նաեւ մեր ազ­գի կեան­քի ճա­նա­պար­հը Քրիս­տո­սի կեան­քին։ Նման այն ա­ռու­մով, որ ե­թէ Քրիս­տոս խա­չի ճա­նա­պար­հի ա­ւար­տին յաղ­թեց աշ­խար­հին, ա­պա մեր նախ­նիք նոյն­պէս վե­րապ­րե­ցան կեան­քը մեր մէջ։ Ու­րեմն ինչ­քան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վստա­հուի մե­զի, որ­պէս­զի դառ­նանք հա­րա­զատ ժա­ռան­գորդ­նե­րը մեր դա­րա­ւոր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիին, Մայր Հա­յաս­տա­նին, հայ ար­ժէք­նե­րուն, հայ դպրո­ցին ու հայ ըն­տա­նի­քի սրբու­թեան, որ­պէս­զի մեր ձեռ­քե­րով կեր­տենք վա­ղուան ար­շա­լոյ­սը եւ դառ­նանք ճար­տա­րա­պետ­նե­րը ան­մա­հու­թեան։

Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան խոր­հուր­դո­վը շա­ղա­խենք մեր հո­գե­ւոր էու­թեա­նը ողջ ծալ­քե­րը, որ­պէս­զի փա­ռա­ւո­րուի Աս­տուած եւ հրա­շա­կեր­տուի մեր կեան­քը։

«Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց»

«Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի»։ Ա­մէ­ն։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

 

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016