ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքի ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի 2015 թուականի պիւտճէն։ Ելմտական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը ներկայացուց Պետրոս Մարզուան։ Այս շրջագծով մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուեցան Պատրիարքարանի մուտքերուն եւ ելքերուն շուրջ։ Տուեալները թէեւ մանրամասն էին, սակայն առարկայական պատկերը այն է, որ Պատրիարքարանը հազիւ թէ ինքնաբաւ հաստատութեան մը կացութեան մէջ է։
Պիւտճէի տուեալներու հրապարակումէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը կը փորձէ դառնալ կայուն հաստատութիւն մը եւ ամուր եկամուտներով երաշխաւորուած հիմքերու վրայ կը ձգտի յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը։ Այս հեռանկրով ստեղծուած է նաեւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկը։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական Աթոռը ունի սահմանափակ եկամուտներ եւ զուրկ է պաշտօնական կարգավիճակէ մը՝ առկայ փակուղիին մէջ լուծումներ գտնելու համար ստեղծուած է այս նոր հիմնարկը։ Ընդհանուր Փոխանորդը ընդգծեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը պէտք է լիարժէք ձեւով դիմագրաւէ իր ծախսերը ու պէտք է մտածէ մեր համայնքին օժանդակելու մասին։