ՊԷՅՔՈԶԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուց, թէ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհորդը որոշած է Պատրիարքարանին յանձնել երբեմնի գերեզմանատան տարածքի մակերեսի գործածութեան իրաւունքը։ Թաղային խորհուրդին եւ Պատրիարքարանին միջեւ այս մասին կնքուած է պայմանագիր մը, որու տրամադրութիւնները ձեւաւորուած են կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Ըստ Նորին Սրբազնութեան, կողմերու միջեւ նախատեսուած գործարքը պիտի իրականացուի «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ հիմնարկին միջոցաւ։ Թաղային խորհուրդը այդ հիմնարկին փոխանցած է գերեզմանատան տարածքի օգտագործման իրաւունքը։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ վաթսուն տարիէ ի վեր որեւէ թաղում չէ կատարուած այդ գերեզմանատան մէջ։ Գործընթացը հասունցած է՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմի գիտակցութեամբ։ Յառաջիկայ շրջանին գերեզմանատան տարածքի կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու համար աշխատանք պիտի կատարուի եւ այդ մէկը պիտի վերաարձանագրուի որպէս հասութաբեր տարածք։ Զուգահեռաբար՝ այնտեղ կեանքի պիտի կոչուի շինարարական ծրագիր մը, որու հասոյթէն պիտի սկսի օգտուիլ Պատրիարքական Աթոռը։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պէյքոզի թաղային խորհուրդը նման համաձայնութեան մը հասած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ։ Այդ համաձայնութիւնը Պէյքոզի թաղային խորհուրդին կոմէ յետսկոչուած էր՝ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծելով որոշ ալեկոծում մը։