ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց ազ­գա­պատ­կան կարգ մը կա­րե­ւոր կա­լուած­նե­րու ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ան օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի ըն­դար­ձակ տա­րած­քը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ մի­ջոց մը ա­ռաջ բար­ւոք կար­գադ­րու­թիւն մը կա­տա­րուած էր եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի խորհր­դան­շա­կան այդ կա­լուա­ծի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին վե­րա­դար­ձուե­լով։ Պատ­մա­կան սխա­լի մը, ա­նար­դա­րու­թեան մը սրբագ­րու­մը ե­ղած էր այդ կար­գադ­րու­թիւ­նը, որ ամ­բողջ հա­մայն­քին կող­մէ ըն­կա­լուած էր ան­նա­խըն­թաց գո­հու­նա­կու­թեամբ։ Յա­ջոր­դող շրջա­նին դժբախ­տա­բար այդ ու­րա­խու­թիւ­նը մնա­ցած էր շու­քի տակ, ո­րով­հե­տեւ Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դի­մե­լով վե­րա­ձեռք­բե­րած էր այդ տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Ներ­կա­յիս այն­տեղ կը գտնուի մար­զա­դաշտ մը՝ յա­րա­կից հա­մա­լի­րով։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին խնդրեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով տայ հա­կիրճ լու­սա­բա­նու­թիւն մը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու նշեց, թէ Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ առ­կայ են դժուա­րու­թիւն­ներ։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին վե­րա­դար­ձու­ցած էր այդ տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը դատ մը բա­նա­լով ա­պա­հո­վեց իր տե­սան­կիւ­նէն նպաս­տա­ւոր վճիռ մը։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու նշեց, թէ այդ դա­տին ըն­թաց­քին Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ շատ ազ­դու պաշտ­պա­նու­թիւ­նով մը։ Ներ­կա­յիս Վճռա­բեկ ա­տեա­նին մօտ կը գտնուի թղթած­րա­րը։ Շի­րի­նօղ­լու մատ­նան­շեց, թէ պի­տի փոր­ձէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ ալ ժա­մադ­րուե­լով խնդրին ման­րա­մա­սու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցել իր նկա­տառ­ման։ Ա­տե­նա­պե­տին հա­մո­զու­մը այն է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը այդ տա­րած­քը վերջ­նա­կա­նօ­րէն կորսնց­նե­լու վտանգ մը չու­նի ըստ ե­րե­ւոյ­թին, սա­կայն ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուին բար­դու­թիւն­ներ եւ իր մաղ­թանքն է, որ այդ հար­ցե­րը, դժուա­րու­թիւն­նե­րը ըլ­լան ժա­մա­նա­կա­ւոր։

Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի խօս­քե­րէն վերջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մատ­նան­շեց, թէ մեր բո­լոր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ի­րենց կա­լուած­նե­րուն հա­մար յա­ռաջ կը տա­նին լուրջ աշ­խա­տանք եւ ան­տա­րա­կոյս բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է ա­նոնց այս պայ­քա­րը։  

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016