ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ
Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայոց հերթական ցուցահանդէսը։ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս-տօնավաճառը այս անգամ եւս արժանացաւ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը կեանքի կոչուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէի մուտքասրահին մէջ։ Ձեռնարկը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ շրջայց մը կատարեց տաղաւարներով եւ բարձր գնահատեց սուրիահայոց կողմէ կատարուած ստեղծագործական աշխատանքը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ.
«Զիս կը հիացնեն սուրիահայոց աշխատասիրութիւնը, նուիրումը եւ ճաշակը։ Մենք իրենցմէ սորվելու շատ բան ունինք, յատկապէս հայկական աւանդական ուտեստեղէնները պատրաստելու հարցին մէջ։ Կը փափաքիմ, որ մեր հասարակութիւնը առաւել աշխոյժ գնումներ կատարէ։ Սուրիահայերը արդէն սկսած են կենցաղային իրերու, կօշիկներու արտադրութիւն ստեղծել, հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան գետնին վրայ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել»։
Նախարար Յակոբեան լրագրողներուն տեղեկացուց, թէ աճած է ցուցահանդէսի մասնակիցներուն թիւը։ Արդարեւ, եթէ կազմակերպուած առաջին ցուցահանդէսին հազիւ տասն-տասներկու սուրիահայ մասնակցած էր, ապա այսօր այդ թիւը գերազանցած է յիսունի սահմանը։
Ցուցահանդէսի շրջագծով այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են ձեռագործ աշխատանքներ, Ս. Զատկի տօնին բնորոշ իրեր, զարդեր, հրուշակեղէն եւ արեւելեան խոհանոցին բնորոշ ուտեստներ։