ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՐՇԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄԷՋ
Լաս Վեկասի մէջ պիտի բացուի գանատահայ մեծանուն նկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերուն ցուցահանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը գրեց, թէ տեղւոյն «Պելաճիօ» ցուցադրասրահին մէջ պիտի բացուի անմոռանալի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի ցուցահանդէսը։ Եուսուֆ Քարշ կենդանութեան շրջանին շուրջ 15 հազար անձի դիմանկարը նկարահանած էր եւ այդ ամբողջէն առանձնացուած 61 լուսանկար պիտի յանձնուի Լաս Վեկասի ցուցադրութեան այցելուներուն։ Ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ոչ միայն տեսնելու այդ լուսանկարները, այլ նաեւ որոշ տեղեկութիւններ ստանալու անոնց մասին։
Կազմակերպիչները դիտել տուած են, թէ չափազանց բարդ եղած է այդքան մեծ քանակութեամբ գործերէն պատրաստել քանի մը տասնեակով ընտրանի մը։ «Պելաճիօ» ցուցադրասրահի տնօրէն Թարիսա Թիպերթի ընդգծեց, որ Եուսուֆ Քարշի աշխատանքներու շարքին ամենազդեցիկներէն մին է 1941 թուականին նկարահանուած Անգլիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի լուսանկարը։
Եուսուֆ (Յովսէփ) Քարշ անցեալ դարասկիզբին ծնած էր Մարտինի մէջ։ 1922 թուականին իր ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Հալէպ։ Շուտով իր ծնողները զինքը ուղարկած էին Գանատա, ուր ան ստացած էր կրթութիւն եւ կ՚աշխատէր իր մօրեղբօր՝ նոյնպէս լուսանկարիչ Նաղաշի մօտ։ Լուսանկարչական տաղանդը Եուսուֆ Քարշի քայլերը առաջնորդած էր Պոսթոն՝ լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ։ Չորս տարի վերջ վերադարձած է Գանատա եւ ստեղծած իր աշխատանոցը, Օթթաուայի կեդրոնին մէջ։ Շուտով իր աշխատանքները սկսած էին գրաւել հանրութեան ուշադրութիւնը, սակայն ան իր հռչակը բազմապատկած էր նկարելով Չըրչիլը Օթթաուա այցելութեան ընթացքին։ Քարշի նկարահանած դէմքերու շարքին կը գտնուին Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին, Ֆիտէլ Քասթրօ, Խրուշչեւ, Պեռնար Շոու, Էրնեսթ Հեմինկուէյ, Ալպերթ Այնշթայն, Փապլօ Փիքասսօ, Օտրի Հեփպէօռն, Մուհամմէտ Ալի, Մայր Թերեզա եւ այլք։