ԲԵՐԿՐԱԼԻ ՏԱՂԱՒԱՐ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ տօ­նեց Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թիւ­նը՝ մեծ շու­քով։ Բերկ­րա­լի տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վրայ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խա­գա­հեց Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, մա­տոյց տա­ղա­ւա­րի մե­ծա­հան­դէս Ս. Պա­տա­րա­գը եւ տուաւ հա­մայն հա­յու­թեան ուղ­ղեալ պատ­գա­մը։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ծան­րա­շուք թա­փօ­րով մը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայր Տա­ճար՝ հայ­րա­պե­տա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քի մէջ։ Ամպ­հո­վա­նիին տակ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ կո­ղա­կի­ցը՝ Ռի­թա Սարգ­սեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­ռըն­թե­րա­կայ էին լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պաեան։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան կող­մէ ու­ղիղ ե­թե­րով տե­սասփ­ռուած տա­ղա­ւա­րի մե­ծա­հան­դէս Սուրբ Պա­տա­րա­գը կեդ­րո­նա­ցուց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ աշ­խար­հաց­րիւ հօ­տին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւն մը այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Օ­րուան ողջ տե­ւո­ղու­թեան շա­րու­նա­կուե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հոս­քը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Մայ­րա­վան­քի «Ա­լեք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան» գան­ձա­տան եր­դի­քին տակ սար­քուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Այս առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վերս­տին բո­լո­րը ող­ջու­նեց Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով եւ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աս­տուած աշ­խար­հի եւ Հա­յաս­տա­նի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016