ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն հատուածներ կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, քանի որ անոնք կարծես «մեր օրերու համար գրուած» են։ Այս կը նշանակէ, որ մարդս բնութեամբ միշտ նո՛յնն է, որքան ալ փոխուին շրջանները, թերեւս միայն արտաքին երեւոյթով փոփոխութիւններ կ՚ըլլան, բայց ըստ էութեան մարդը մի՛շտ նոյն «մարդ»ն է եւ շրջաննե՜ր, դարե՜ր ալ փոխուին՝ ան չի փոխուիր իր էական թերութիւններով եւ մարդկային տկարութիւններով։
Ինչպէս աւելի առաջ ըսինք՝ մարդ էակը կը մնայ միշտ որպէս «անծանօթ» եւ հարցեր կը մնան անլուծելի՛։ Եւ մարդ, ի՛նչ դիրք ու աստիճան ալ ունենայ, որքան ալ բարձրանայ, միշտ պէտքը ունի զինք առաջնորդողի մը, ուղեցոյցի մը…։
Ահաւասիկ, այս մտածումներով կու գանք ներկայացնել Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»էն հետաքրքրական հատուածներէն մին՝ «Անձնիշխանութիւն եւ Անհնազանդութիւն»ը՝ որ կը պարունակէ շահեկան եւ մշտնջենաւոր ճշմարտութիւններ։
ԱՆՁՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ.
«Իսկ մարդիկ -կ՚ըսեն- իրենք իրենցմէ՞ կ՚ունենան այդպիսի կիրքեր, թէ Աստուծմէ են եղած անոնք, կամ թէ ուրիշ մէկն է դրեր զանոնք մարդոց մէջ։
«Պատշաճ չի թուիր ըսել, թէ մարդոց այսպէս ըլլալը՝ Աստուծմէ է. այլ այն անձնիշխանութենէն եւ ազատութենէն՝ զորս առաջին աստուածաստեղծ մարդը ունեցած է եւ իր յաջորդները ժառանգած են։
«Արդ, առնելով անձնիշխանութիւնը, որ Աստուծմէ իրեն պարգեւուած մեծ շնորհ է, որու որ ուզէ՝ կ՚ըլլայ ծառայ. վասնզի բոլոր միւս արարածները հարկադրաբար կը ծառայեն աստուածային հրամանին։ Եթէ երկնքի մասին կը հարցնես, հաստատուն կեցած է այն եւ չի՛ շարժիր իրեն համար սահմանուած տեղէն։
«Եւ եթէ արեգակի մասին կ՚ուզես խօսիլ, ան ալ, սակայն, կը կատարէ իրեն համար որոշուած շարժումը եւ չի համարձակիր շեղիլ իր ճամբէն, այլ հարկադրաբար կը ծառայէ տէրունական հրամանին։ Երկիրն ալ կը տեսնենք որ սեղմումներ ունի եւ ան ալ հրամանատուին հրամանը ունի իր հետ։ Եւ ասոնց նման բոլոր ուրիշ արարածներն ալ, որ կը ծառայեն արարչին հրամաններուն, չեն յանդգնիր գործել որ եւ է բան՝ որուն համար կարգուած չըլլան։ Ուստի եւ կը գովենք զանոնք, անոր համար որ կը պահեն հրամայուած սահմանները։
«Բայց մարդը անձնիշխանութիւն առնելով՝ որո՛ւ կ՚ուզէ կը ծառայէ։ Ո՛չ հարկադրաբար բնութենէն բռնադատուած ըլլալով, ո՛չ ալ լաւ բաներու համար իրեն շնորհուած զօրութենէն արգիլուելով, այլ հնազանդութեամբն է միայն որ կը շահի օգուտը եւ անհնազանդութեամբ՝ վնասը. եւ այդ՝ ոչ թէ մարդուն չարիքին, այլ լաւութեան համար է եղած։ Վասնզի, եթէ ինքն ալ մէկն եղած ըլլար անոնցմէ՝ որոնք տարբեր բնութիւն ունենալով հարկադրաբար կը ծառայեն Աստուծոյ, ապա իր կամակատարութեան համար վարձքի արժանի չէր ըլլար, քանի որ՝ իբրեւ մէկ գործիքն արարչին՝ չար ընթացք ունենար թէ բարի, ո՛չ պարսաւելի պիտի ըլլար, ոչ ալ գովելի, այլ պատճառն այն էր՝ որ զինք կը մղէր այդ ընթացքին, եւ մարդն այլեւս լաւ բան չէր գիտնար, վասնզի հմուտ պիտի ըլլար միայն այն բանին՝ որուն յարմարցուած էր։
«Սակայն Աստուած ա՛յնպէս պատուել ուզեց մարդը, որ լաւ բաներու խելամտելու համար անձնիշխանութիւնը պարգեւեց անոր՝ որպէսզի անով ուզածը կարենայ ընել, եւ գիտցուց անոր «անձնիշխանութիւնը գործածել լա՛ւին համար»։
«Ինչպէս որ հայր մը, կը խրատէ ուսման ընդունակ իր որդին՝ չծուլանալ ուսումէն եւ կը ստիպէ դէպ ի լաւը յառաջադիմել, եւ որովհետեւ գիտէ, թէ կրնա՛յ յառաջադիմել, ուստի եւ կը պահանջէ այն ուսումը՝ որ աւանդուեցաւ իրեն.- ա՛յսպէս պէտք է հասկնալ նաեւ զԱստուած, որ կը յօժարեցնէ մարդը՝ հնազանդելու իր հրամանին. բայց չ՚առներ անկէ ինքնիշխան կամքը՝ որով կարող է հնազանդիլ կամ չհնազանդիլ իր հրամաններուն. այլ կը խրատէ եւ կը յօժարեցնէ մարդը՝ ցանկացող ըլլալ լաւ բաներու, որով՝ մեծ պարգեւներու կրնայ արժանանալ, եթէ հնազանդի Աստուծոյ։
«Բայց նաեւ իշխանութիւն ունենայ չհնազանդելո՛ւ։
«Զուր տեղ չէր ուզած Աստուած տալ այդպիսի պարգեւ, ինք որ յաւիտենական անկեղծութիւնն է. վասնզի ի զուր տուած պիտի ըլլար այդպիսի պարգեւ, եթէ մարդը չունենար իշխանութիւն երկու կերպով ալ,- հնազանդելու այն բանին՝ զոր Աստուած կը կամենար, եւ չհնազանդելու այն բանին՝ զոր նա չէր ախորժեր։ Բայց իրաւացին այն է, որ մէկն իր գործերուն արժանի հատուացումն առնէ։
«Արդ, ի՞նչպէս մարդը պիտի կարենար զանազանել գործերը, եթէ իշխանութիւն չունենար ընտրելու մէկը կամ միւսը, այսինքն՝ հնազանդելու կամ չհնազանդելու։
«Ուստի յայտնի է, թէ մարդն եղաւ անձնիշխան բարին գործելու կամ չարին ցանկալու։ Ո՛չ անոր համար, որ իր առջեւ կար չարը՝ որուն միտած ըլլար, այլ կար միայն կա՛մ հնազանդիլ Աստուծոյ կա՛մ չհնազանդիլ. եւ ա՛յս միայն ճանչնալ պատճառ չարին։
«Զի առաջին մարդը գոյանալով՝ պատուէր կ՚առնէր Աստուծմէ, եւ չհնազանդելով աստուածային հրամանին՝ չարիք կը մտաբերէր, եւ ադկից կը սկզբնաւորէր չարիքը։ Ուստի ո՛չ ոք կարող է անստեղծ կամ գոյացական ցոյց տալ չարը, ոչ ալ արարչէն եկած, այլ նկատել հարկ է արդիւնք անհնազանդին անսաստութեամբ կամ մէկուն խրատէն դրդուած ըլլալուն. վասնզի ո՛չ ոք կարող է ցոյց տալ, թէ մարդն ստեղծուած է այդպիսի բնութեամբ։ Եթէ մարդը այդպիսի բնութիւն առած էր, ապա ուրեմն ո՛չ մէկու մը բռնութեամբ եւ ոչ ալ մէկուն խրատով էր որ անհնազանդութեան միտացաւ, այլ, ինչպէս աստուածաշունչ գիրքին մէջ ըսուած է.- մարդիկ, իրենց մանկութենէն սկսած, չարին հակամիտութիւնն ունին. ցոյց տալով, այսպէս, թէ ո՛վ որ այդ միտումը կ՚ունենայ՝ իր իսկ կամքով կ՚ունենայ եւ ոչ թէ մէկուն բռնութեամբ։
«Արդ, անսաստութիւնը միայն, որ Աստուծոյ կամքէն դուրս կատարուած արարք մըն է, պատճա՛ռ պէտք է հասկնալ չարիքին. եւ այդ բանին՝ ուրիշ մէկը նկատել ծածուկ խրատատու, դրդող եւ ոչ թէ բռնադատող, որ մարդը լաւութիւններէն մերկացնել կամեցաւ։ Եւ եթէ պատճառն ալ փնտռել կ՚ուզեն, թող գիտնան թէ նախա՛նձն է այն՝ մարդուն նկատմամբ։ Եւ եթէ կ՚ուզեն ճշդօրէն քննել, թէ ո՛ւսկից է եկած նախանձը, ըսենք թէ մարդուն առաւելագոյն չափով պատուուած ըլլալէն. վասնզի մարդը միայն ստեղծուեցաւ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն։
«Իսկ եթէ ասով զԱստուծոյ Էութիւնը ուզեն համարել պատճառ չարիքի,- անիմաստաբար խորհած կ՚ըլլան։ Եթէ անկէ -նախանձորդէն- բան մը յափշտակուած ըլլար եւ մարդուն շնորհուած, թերեւս իրաւունքով չարին պատճառ նկատուէր տուողը։ Իսկ եթէ պահեց զայն այնպէս՝ ինչպէս որ ստեղծուած էր, եւ մարդն ալ այս կերպով կամեցաւ ստեղծել,- չարիքի պատճառը նախանձո՛րդն է։ Վանսզի, եթէ մէկն ունենայ երկու ծառաներ, մէկը պահէ որպէս ծառայ եւ միւսը որպէս որդեգիր, եւ մէկն ելլէ սպաննէ միւսը, մի՞թէ չարիքի պատճառ պէտք է նկատել տէրը՝ որ ծառայէն բան մը չխլեց եւ միւսին չշնորհե՛ց»։
-Հատուածին աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարուած է Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի կողմէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 19, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/24/2024
- 12/24/2024