ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը յառաջիկայ շրջանին պիտի ենթարկուի վերանորոգութեան։ Համաքրիստոնէական կարեւորագոյն սրբավայրերու շարքին կը դասուի Ս. Յարութեան տաճարը, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ կը գտնուի Տէր Յիսուսի Լոյս Գերեզմանը։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Երկրի համաքրիստոնէական վայրերը կը տնօրինուին Երուսաղէմի Հայոց, Յունաց եւ Լատինաց պատրիարքութիւններուն կողմէ։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ անունով Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնն է, որ կը տնօրինէ Տէրունակոխ սրբավայրերը։ Այս հիման վրայ երեք պատրիարքարանները արդէն համաձայնութեան հասած են՝ որպէսզի իրականացուի վերանորոգութեան աշխատանք մը։ Վերջերս Ս. Յարութեան տաճարի կամարներուն ներքեւ՝ Ս. Գերեզմանին առջեւ ընթերցուած է այս նորոգութեան վերաբերեալ ընդհանուր յայտարարութիւն մը, որու հրապարակման ներկայ գտնուած է նաեւ մասնագիտական ուսումնասիրութեան խումբի ղեկավար Անթոնիա Մոլոփուլօ։
Սկզբնական տուեալներով՝ 3 միլիոն եւրօ պիտի արժէ Ս. Յարութեան տաճարի վերանորոգութեան ծրագիրը։ Իւրաքանչիւր պատրիարքարան 1 միլիոն եւրոյով պիտի մասնակցի ծրագրին։ Յառաջիկայ Մայիսի 1-ին Երուսաղէմի մէջ պիտի նշուի Ս. Զատիկը, որմէ քանի մը շաբաթ վերջ պիտի սկսին վերականգնման աշխատանքները, որոնք պիտի տեւեն շուրջ տարի մը։ Այդ ընթացքին Ս. Գերեզմանը բաց պիտի ըլլայ ուխտաւորներու այցելութեան համար։
Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը շատ երկար ժամանակէ մը ի վեր չէ ենթարկուած վերանորոգութեան։