«Թումօ»ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ բարձր ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

Ֆրան­սա­կան We Demain ամ­սա­գի­րը աշ­խար­հի ա­մե­նա­նո­րա­րար դպրոց­նե­րու տաս­նեա­կի վար­կա­նիշ կազ­մած է: Ա­ռա­ջին տե­ղը Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուե­սա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոնն է:

Տաս­նեա­կին մէջ են նաեւ հե­տե­ւեալ դպրոց­նե­րը. Սի­լի­քո­նեան հո­վի­տի AltSchool-ը, Թո­քիո­յի Fuji Kindergarten-ը ու Steve Jobs Schools-ը, կը յայտ­նէ Թու­մո­յի դի­մա­տետ­րի է­ջը:

«Թու­մօ» կեդ­րո­նը անվ­ճար ար­տադպ­րո­ցա­կան ծրա­գիր է, ո­րով 12-18 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը կ՚ու­սա­նին սե­փա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ: Ա­ռա­ջին «Թու­մօ»ն ս­տեղ­ծուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Սեմ եւ Սիլ­վա Սի­մո­նեան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Սի­մո­նեան կրթա­կան հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ եւ իր դռնե­րը բա­ցած է ա­շա­կերտ­նե­րու առ­ջեւ 2011-ի Օ­գոս­տոս 14-ին: Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան «Գի­տե­լիք յա­նուն զար­գաց­ման» ծրագ­րի շնոր­հիւ 2013-ի Փետ­րուա­րէն ի վեր «Թու­մօ»ն կը գոր­ծէ նաեւ Դի­լի­ջա­նի մէջ, ուր ու­նի շուրջ 300 ու­սա­նող։

«Թու­մօ»-ՀԲԸՄ գոր­ծակ­ցու­թեամբ 2015-ի Մա­յի­սին նաեւ բա­ցուե­ցաւ Կիւմ­րիի «Թու­մօ» կեդ­րո­նը: 2015-ի Սեպ­տեմ­բեր 2-ին «Թու­մօ» կեդ­րոն բա­ցուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ: Կեդ­րո­նի բա­ցում կը սպա­սուի նաեւ Ջա­ւախ­քի մէջ: Գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­տում ու­նի տա­րա­ծել «Թու­մօ»ն Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս:

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016