Ժիրայր Րէիսեան Կը Մասնակցի Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ մէջ այս օրերուն կը պատրաստուին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, եւ օրէնսդիր մարմնին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու գործընթացէն անմասն չէ նաեւ հայկական համայնքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը մեկնարկած է մէկ օր առաջ, իսկ ընտրութիւնները պիտի կայանան Ապրիլ 13-ին:
Բերիոյ Թեմի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Րէիսեան նոյնպէս առաջադրուած է որպէս թեկնածու խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Հայերէն շուրջ քսան թեկնածու առաջադրուած է ընտրութիւններուն, բայց հայկական կազմակերպութիւնները այսօր կեդրոնացած են մէկ անձի վրայ որպէս միացեալ թեկնածու եւ այդ թեկնածուն ես եմ: Կեանքը սովորական է, բնականաբար, ինչպէս գիտէք, գործի կը դրուին քարոզարշաւի բոլոր միջոցները: Հայկական համայնքը իր մասնակցութիւնը կ՚ունենայ գործընթացին, եւ բնականաբար յուսանք, որ կ՚ունենայ իր ներկայացուցիչը խորհրդարանին մէջ», Panorama.am-ի թղթակիցին յայտնած է Րէիսեան:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2016-ի Ապրիլ 13-ին: Յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի ըլլան երկրորդը Սուրիոյ մէջ զինեալ հակամարտութեան սկսելէն ի վեր: Սուրիոյ մէջ վերջին անգամ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացած էին 2012-ի Մայիսին: Այդ ժամանակ ընտրութիւններուն մասնակցած էր ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 51 տոկոսը:
Սուրիոյ օրէնսդիր մարմնի անդամներուն ընդհանուր թիւը 250 է: