ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի հետ։ Հարկ է նշել, որ Նալ­պան­տեան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կը գտնուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի շա­րու­նա­կա­կան խախ­տում­նե­րուն վրայ։ «Պա­քու, ան­տե­սե­լով հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հա­մա­տեղ կո­չը՝ կրօ­նա­կան տօ­նե­րու օ­րե­րուն հան­դար­տու­թիւն պա­հե­լու շուրջ, աշ­խու­ժա­ցու­ցած է հրա­դա­դա­րի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­նե­րը Սուրբ Զատ­կի սե­մին եւ օ­րե­րուն։ Ատր­պէյ­ճա­նի նման սադ­րանք­նե­րը դար­ձած են օ­րի­նա­չա­փու­թիւն։ Նոյ­նը կը կա­տա­րուի նաեւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Ե­թէ նա­խա­պէս Պա­քու զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով կը խո­չըն­դո­տէր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, կը փոր­ձէր հար­ցը տե­ղա­փո­խել այլ հար­թակ­ներ, ա­պա այժմ, հա­ւա­նա­բար, տես­նե­լով իր քայ­լե­րու ա­նար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, ո­չինչ կրցած է յօ­րի­նել, քան Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հան­դի­պու­մէն հրա­ժա­րի­լը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Ո­ւոր­լի­քի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, որ այս ե­րե­ւոյ­թը ան­շուշտ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին եւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վրայ ճնշում գոր­ծադ­րե­լու հեր­թա­կան ա­պար­դիւն փորձն է։

Հարկ է նշել, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ այս օ­րե­րուն վե­րո­յի­շեալ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։ Իր շփում­ներն ալ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան քննարկ­ման։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016