ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան կը գտնուի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Այս շրջագ­ծով Սերժ Սերգ­սեան ե­րէկ Սպի­տակ տան մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ճօ Պայ­տըն գրե­թէ տա­րի մը ա­ռաջ՝ 7 Մա­յիս 2015-ին դար­ձեալ տե­սակ­ցած էին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ՝ տեղ­ւոյն Մայր տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած միջկ­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քին առ­թիւ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սպի­տակ տան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին զրու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք ընդգ­ծե­ցին, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մշտա­պէս վե­րըն­թաց զար­գա­ցում կ՚ապ­րին հա­մա­տեղ ջան­քե­րու ու փո­խա­դարձ քա­ղա­քա­կան կամ­քի շնոր­հիւ։ Սարգ­սեան եւ Պայ­տըն գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շե­ցին, որ ներ­կա­յիս երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը կը նե­րառ­նէ բազ­մաբ­նոյթ ո­լորտ­ներ՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, անվ­տան­գու­թեան, ո­րոնց շրջա­նակ­նե­րէն ներս ա­մէն տա­րի եր­կու եր­կիր­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն նոր ձեռք­բե­րում­ներ։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, փո­խա­դարձ ջան­քե­րու շնոր­հիւ հայ-ա­մե­րի­կեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը այժմ կը գտնուի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րու զա­նա­զան մա­կար­դա­կի փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը վկա­յու­թիւն մը կը հա­մա­րուին այս ա­ռու­մով։ Ան բարձր գնա­հա­տեց ԱՄՆ-ի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը՝ ուղ­ղուած Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն։ Սարգ­սեան մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց նաեւ ԱՄՆ-ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ, յատ­կա­պէս՝ ա­մե­րի­կեան կող­մէ աշ­խոյժ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան բա­ցի հայ-ա­մե­րի­կեան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գէն, անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­վի­ճա­կին, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Այս ամ­բող­ջին մէջ զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նա­կէն ներս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։

Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սթա­փեց­նե­լու գոր­ծին մէջ հայ­կա­կան կող­մը կ՚ա­պա­ւի­նի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու աշ­խոյժ մի­ջամ­տու­թեան՝ ձեռ­նար­կե­լու հա­մար գոր­ծօն քայ­լե­րու, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կրնան փո­փո­խու­թիւն մը ա­պա­հո­վել։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ԱՄՆ-ի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած ու­շադ­րու­թեան եւ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ աշ­խոյժ ջան­քե­րուն հա­մար։ Սարգ­սեան հա­մո­զուած է, թէ գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն կող­մէ առ­նուած քայ­լե­րը կրնան օ­րի­նա­կե­լի ըլ­լալ այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ խիստ մտա­հո­գու­թիւն կը տի­րէ երկ­րի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւան­քով եւ այդ բո­լո­րը կը դա­տա­պար­տուին խստօ­րէն։ Ան ցա­ւով անդ­րա­դար­ձաւ, որ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով կը սպան­նուին եւ փախս­տա­կան կը դառ­նան նաեւ Ի­րա­քի կամ Սու­րիոյ բնա­կիչ բազ­մա­թիւ հա­յեր, կը վնա­սուին եւ կ՚ոչն­չա­ցուին տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս բազ­մա­դա­րեան հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան նմոյշ­նե­րը։

Իր կար­գին, Ճօ Պայ­տըն բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի ջան­քե­րը՝ Սու­րիա­յէն մեծ թի­ւով փախս­տա­կան­նե­րու ա­պաս­տան տա­լու եւ սու­րիա­հա­յոց հա­մար կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան հնա­րա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու բե­րու­մով։

Զրու­ցա­կից­նե­րը յոյս յայտ­նե­ցին, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու, քրիս­տո­նէա­կան հա­մայնք­նե­րու վե­րա­դար­ձը խթա­նե­լու, ա­նոնց բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թը եւ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով գոր­ծօն ու ար­դիւ­նա­ւէտ դրու­թիւն­ներ պի­տի մշա­կուին։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ճօ Պայ­տըն նաեւ վստա­հու­թիւն յայտ­նե­ցին, թէ հա­մա­տե­ղե­լով ջան­քե­րը՝ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ դի­մա­կա­յել առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016