ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ ՄԵԾ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԻԹԽԱՐԻ ԿԱՂՆԻՆ...

Գրի­չը կ­­՚ըմ­բոս­տա­նայ ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար վախ­ճա­նը այս պրիս­մա­կէ թան­կար­ժէք կեան­քին:

Ար­դա­րեւ, խո­րա­թա­փանց  կեան­քը Կա­րօ Ճղը­լեան իս­կա­կան ղե­կա­վա­րին, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կը գու­նար­ձա­կէին բա­րիին, ճշմա­րի­տին, ազ­նուա­գոյ­նին ու ՀԵԸ-ա­կա­նին բո­լոր երփ­ներ­փում­նե­րը: Մաք­րա­մա­քուր Ա­ռաջ­նոր­դին՝ սիրտն էր խի­զախ, միտ­քը՝ մա­տեան Միու­թե­նա­կան  յու­շե­րու, եւ հո­գին՝ ՀԵԸ-ա­կան շունչ ներշն­չող: Մի­սէ ու ոս­կո­րէ շի­նուած հե­ղի­նա­կու­թիւն մը՝ զոր կը պա­տուէր հա­մայն հայ ազգն ու յատ­կա­պէս լի­բա­նա­նի ՀԲԸՄ-ի ու ՀԵԸ-ի Միու­թե­նա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս: Վկայ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ձայ­նակ­ցե­ցաւ ու մաս­նա­կից դար­ձաւ հա­յու­թիւ­նը, կա­տա­րեալ հա­ւատք տա­ծե­լով ու եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ խո­նար­հե­լով իր ա­ռաջ­նորդ ղե­կա­վա­րին ան­խոնջ վաս­տա­կին:

Հա­զուա­գիւտ ե­րե­ւոյթ է, յատ­կա­պէս մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, տես­նել մէ­կը՝ որ հա­մակ­րանքն ու պատ­կա­ռան­քը շա­հած ըլ­լայ բո­լոր հա­տուած­նե­րուն: Ա­մէն ոք գնա­հա­տան­քի իր խօս­քը ու­նի ար­տա­յայ­տե­լու նման ղե­կա­վա­րի մը, որ սէր ու հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է իւ­րա­քան­չիւր  միու­թե­նա­կան ան­հա­տի, մե­ծին ու փոք­րին, տա­րե­ցին ու վե­թե­րա­նին: Բո­լոր սէ­րերն ու մե­ծա­րանք­նե­րը ար­դա­րօ­րէն գա­ցին ի­րեն: Ա­մէն­քը որ­պէս բա­նի­մաց ղե­կա­վար զգա­ցին զին­քը, եւ ինք իր միու­թե­նա­կան քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը ճանչ­ցաւ ան­կեղծ անձ­նուի­րու­թեան մէջ:

Հին օ­րե­րու յար­գար­ժան ու տի­պար ղե­կա­վար, ո­րուն վրայ շնոր­հը կը փայ­լի եւ ո­րուն ամ­բողջ էու­թիւ­նը պատ­կա­ռանք ու սէր, ժպիտ ու նե­րում: Մեծ, Մեծ մարդ, ա­նոր հա­մար, որ ամ­բողջ հա­մես­տու­թիւն ու գլխա­գիր խո­նար­հու­թիւն էր:

Կա­րօ Ճղը­լեան իր հա­մակ կեան­քին մէջ ե­ղաւ ի­մաս­տուն  միու­թե­նա­կա­նը, ա­ռաջ­նորդն ու ղե­կա­վա­րը, որ ա­մէն ա­ռիթ­նե­րով ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան բո­լոր բե­մա­հար­թակ­նե­րուն վրայ իր խօս­քե­րուն ընդ­մէ­ջէն Հա­յաս­տանն ու Էջ­միա­ծի­նը նկա­տեց ա­մէն բա­նէ վեր եւ իր անձ­նա­կան օ­րի­նակ­նե­րով, ջա­հը իր ձեռ­քին՝ վա­ռեց խա­րոյ­կը խոր հա­ւատ­քով ու ան­հուն հրճուան­քով, ո­րուն բո­ցե­րը կայծկլ­տա­ցին բո­լոր միու­թե­նա­կան­նե­րուն հո­գի­նե­րուն մէջ: Եւ այդ­պէ­սով, ա­մէ­նուն մէջ ան նկրտե­լով սլա­ցաւ միշտ դէ­պի վեր, իր հետ բարձ­րաց­նե­լով նաեւ իր հա­ւա­տա­ւոր հե­տե­ւորդ­նե­րը ան­հա­մար:

Այն հա­մեստ ու ջեր­մու­թեամբ լե­ցուն ժպի­տը, որ կը յատ­կան­շէր զին­քը՝ իր հմաշ­նորհ կե­ցուած­քին ընդ­մէ­ջէն, ան­կաս­կած որ դեռ շատ եր­կա՜ր պի­տի ցո­լայ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ եւ մենք զինք պի­տի դա­սենք մեր ան­զու­գա­կան ղե­կա­վար­նե­րու այն դա­սին, ո­րոնք նոյ­նիսկ ան­դե­նա­կա­նէն կը ցո­լար­ձա­կեն ի­րենց հմայ­քը:

Որ­քա՜ն յու­զիչ է մտա­ծել բո­լոր ա­սոնք, եւ ըն­դու­նիլ, թէ, ա­յո՛, ոչ եւս է ՀԲԸՄ-ի եւ  ՀԵԸ-ի մեր խի­զախ ղե­կա­վա­րը:

Ընդվ­զե­լի կա­րե­լիու­թիւն­ներ կան կեան­քի մէջ, ո­րուն առ­ջեւ խիստ դառն է խո­նար­հի­լը:

Ու մենք կը խո­նար­հինք մե­ծու­թեան մը առ­ջեւ, ո­րուն մեզ­մէ ընդ­միշտ հե­ռա­ցած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեան չենք ու­զեր հա­ւա­տալ:

Ա­յո՛, դեռ շա՜տ եր­կար պի­տի չկա­րե­նանք հա­ւա­տալ:

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016