ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ անդ­րա­դար­ձան Ե­րե­ւա­նի եւ Մոս­կուա­յի դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թա­ցիկ օ­րա­կար­գին, նաեւ քննար­կե­ցին կող­մե­րու ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016