ԿԼՈՊԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի տան­տի­րու­թեամբ, հա­սաւ իր ա­ւար­տին՝ եզ­րա­փա­կիչ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մը հրա­պա­րա­կու­մով։ Աշ­խար­հի յի­սու­ներ­կու եր­կիր­նե­րէն պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու գլխա­ւոր դէմ­քեր մաս­նակ­ցե­ցան այս կա­րե­ւոր գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան կլո­պալ հրա­տապ մար­տահ­րա­ւէ­րին շուրջ։ Օ­պա­մա­յի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Ո­ւա­շինկ­թըն փու­թա­ցած ղե­կա­վար­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էրտ­նո­ղան եւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ հիւ­լէա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն դա­սուիլ մի­ջազ­գա­յին դրու­թեան տե­սա­կէ­տէ մե­ծա­գոյն վտանգ­նե­րու շար­քին, հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշտ է հա­սա­րա­կաց պայ­քար մը մղել ա­նոնց դէմ։ Հիւ­լէա­կան զի­նա­թափ­ման հարցն ալ ընդգ­ծուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան մէջ, ուր կա­րե­ւո­րուե­ցաւ նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին հիւ­լէա­կան անվ­տան­գու­թեան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մատ­նան­շուե­ցան Մի­ջու­կա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան ա­ռանց­քա­յին դերն ու հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը։

«Ո­ւոլ­թըր Ո­ւա­շինկ­թըն» հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ւա­քը, ո­րու ըն­թաց­քին մշա­կուե­ցաւ նաեւ աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր մը եւ ման­րա­մասն քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը միաս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու, մի­ջու­կա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լիք­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու եւ այս բո­լո­րին շուրջ ար­դիւ­նա­ւէտ դրու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Սերժ Սարգ­սեան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տան աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւուած է մի­ջու­կա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին։ Ըստ ի­րեն, այս հե­տե­ւո­ղա­կան մօ­տե­ցու­մը պի­տի ըլ­լայ շա­րու­նա­կա­կան եւ ան­փո­փոխ։

Հարկ է նշել, որ Մե­ծա­մօ­րի ա­թո­մա­կա­յա­նի հար­ցին շուրջ հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին բա­նա­վէճ մըն ալ ապ­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի մի­ջեւ։

Միւս կող­մէ, այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Պա­րաք Օ­պա­մա ա­ռիթ ու­նե­ցան կար­ճա­տեւ զրոյ­ցի մը։ Բաց աս­տի, Սպի­տակ տան մէջ նա­խըն­թաց օր ԱՄՆ­֊ի Փոխ֊­նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ալ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ԱՄՆ­֊ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի եւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Էռ­նեստ Մո­նի­զի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Քե­րի անդ­րա­դար­ձան հայ­֊ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ճգնա­ժա­մին, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­վի­ճա­կին, առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ այլ հար­ցե­րու։ Սերժ Սարգ­սեան մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց ԱՄՆ­֊ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման ու­ղղու­թեամբ, յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կեան կող­մին ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ որ­պէս ԵԱՀԿ­֊ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ։ Պե­տա­կան քար­տու­ղար Ճոն Քե­րիի մաս­նակ­ցու­թեամբ, 2014 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին Ո­ւել­սի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ՆԱ­ԹՕ­֊ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցած ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը, ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ ԱՄՆ­֊ի շա­հագրգ­ռու­թեան օ­րի­նակ­նե­րէն մին է։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան Էռ­նեստ Մո­նի­զի հետ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ալ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հայ­֊ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման շուրջ։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ ԱՄՆ­֊ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ ներդ­րում ու­նի հայ­կա­կան ա­թո­մա­կա­յա­նի անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 2012 թուա­կա­նին ստո­րագ­րուած փո­խըմբռն­ման յու­շագ­րի հի­ման վրայ կ՚ամ­րապն­դուի ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016