ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՑԱՒԱԼԻ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ վերսկսած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով ծանր հետեւանքներ կը յառաջանան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ սկսաւ հրապարակել նահատակուած զինուորներուն անունները, մինչ մէկ կողմէ ալ տեղի կ՚ունենան յուղարկաւորութիւնները։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ հպարտ է իւրաքանչիւրի սխրանքով։
Որքան որ ալ Պաքուի աղբիւրները չափազանցուած թիւեր յայտարարեն, հայկական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ հայկական կողմը ունի 20 զոհ, 26 զինուոր ալ ներկայիս կորսուած է։ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կորսնցուցած է 7 հրասայլ։ 72 հոգի ալ վիրաւորուած է հայկական կողմէ, զինուոր կամ քաղաքացիական անձ։
Նոյնպէս հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զոհերուն թիւը կը հասնի 300-ի սահմանը։ Ընդհանուր առմամբ շուրջ 30 հրասայլ կորսնցուցած է Ատրպէյճանի բանակը։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ 2 ուղղաթիռներ, 6 անօդաչու թռչող սարքեր, հետեւակներու ինքնաշարժներ, զրհապատ զինուորական ինքնաշարժներ եւ այլն։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան CNN հեռուստակայանին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կը մերժէ կայունութիւնը։
Այսօրուընէ սկսեալ Արցախի մէջ նախատեսուած է դպրոցներէ ներս դասերու վերսկսումը։