ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՆՔՆԱԲՈՒԽ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղո­վուր­դը ինք­նա­բուխ օ­ժան­դա­կու­թեան շար­ժու­մի մը ծնունդ տուած է՝ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին ստեղ­ծուած են հա­ւա­քա­կէ­տեր, ուր կա­մա­ւոր­նե­րը կը ստանձ­նեն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տրա­մադ­րուած օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը դե­ղօ­րայ­քէն սկսեալ մին­չեւ սննդամ­թերք, օ­ճառ­նե­րէ սկսեալ մին­չեւ հա­գուս­տե­ղէն ա­մէն ինչ կ՚ու­ղար­կէ դէ­պի Ար­ցախ։ Օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը կա­մա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կող­մէ կը զե­տե­ղուին արկ­ղե­րու մէջ, կը տե­ղադ­րուին բեռ­նա­տար­ներ, ո­րոնք կ՚ու­ղե­ւո­րուին դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։

Կը հա­րոր­դուի, որ զու­գա­հե­ռա­բար նիւ­թա­կան հան­գա­նա­կու­թիւն ալ կը կա­տա­րուի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016