ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ այս շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բռնկած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով այդ ժո­ղո­վը յե­տաձ­գուե­ցաւ։

ԵՏՄ-ի ժո­ղո­վէն ա­ռաջ նա­խա­տե­սուած էր Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցը դէ­պի Ե­րե­ւան։ Ռուս վար­չա­պե­տը, ԵՏՄ-ի ժո­ղո­վի տե­ղա­փո­խու­մով հան­դերձ, ո­րո­շեց ան­փո­փոխ պա­հել դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի մի­ջեւ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ վա­ղը Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­նա­լէ վերջ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ օր մը վերջ ալ պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Պա­քու, իսկ ԵՏՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րուն հան­դի­պու­մը Ե­րե­ւա­նի փո­խա­րէն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016