ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Յուսահատութիւն»՝ իր լայն առումով կը նշանակէ վհատութիւն, բարոյալքում։ Յուսահատութիւնը, հոգեկան լքում է՝ յոյսը կորսնցնել եւ մինչեւ իսկ ապրելու ոգեւորութիւնը, խանդը, ուժը նուազեցնել կ՚ենթադրէ։ Այն որ յոյսը կորսնցուցած է՝ յուսահատ է, ապա ուրեմն ան ո՛չ նպատակ, ո՛չ իմաստ կը գտնէ կեանքին մէջ։
Ուրեմն յուսահատութիւնը կեանքի ընթացքը մերժողական կամ ժխտական կերպով վարող եւ անոր ոչ-դրական ձեւով ազդող հոգեվիճակ մըն է, աւելի լաւ է ըսել՝ բարոյապէս վատառողջ՝ հիւանդագին զգացում մըն է։ Արդարեւ յո՛յսն է որ մարդս հոգեպէս, բարոյապէս կանգուն եւ աշխոյժ, կենսունակ կը պահէ։ Վերցուցէք յոյսը կեանքէն՝ կեանքը անիմաստ եւ աննպատակ ընթացքի մը կը վերածուի։ Այս իմաստով, «յո՛յս»ն է որ կեանքը կ՚իմաստաւորէ եւ ապրելու արժանի ընթացքի մը կը ձեւափոխէ։ Չափազանցած կ՚ըլլա՞նք արդեօք երբ ըսենք. «կեանքը յոյսերու խտացումն է»։ Կամ «յոյսը ինքնին կեա՛նքն է…»։
Անշուշտ, երեւակայութիւն, տեսիլք, երազ, հեռանկար, բոլոր այս ապրումները յոյսի տարբեր կերպով արտայայտութիւնները կարելի է նկատել։ Բայց «յոյս»ը այս բոլորէն բոլորովին տարբեր, բոլորովին անջատ, ինքնուրոյն հոգեվիճակ մըն է։
Եթէ կը փափաքիք սիրելի՜ներ, շարունակենք յուսահատութեան մասին պատմուած ծանօթ առակով մը։
Շա՜տ տարիներ առաջ Սատանան որոշեր է պարծենալ ի ցոյց այն բոլոր մարդոց, որ կը հետաքրքրուէին իր զինանոցի զէնքերով։ Ան իր զէնքերը տեղադրեց զգուշութեամբ ապակեփեղկի մը մէջ եւ անոնց ամէն մէկուն վրայ զետեղեց պիտակներ՝ նշելով, թէ որը ի՛նչ է եւ ի՛նչ կ՚արժէ։ Ճոխ եւ հարուստ հաւաքածոյ մըն էր սատանային ցուցադրած զէնքերուն ամբողջութիւնը։
Այդ ճոխ ժողովածոյին մէջ էին՝ նախանձի ոսկեզօծ դանակը, չարութեան մուրճը եւ ժլատութեան՝ ագահութեան թակարդը՝ ծուղակը։ Փայտիկներու վրայ գեղեցիկ ձեւով շարուած էին նաեւ վախի, գոռոզութեան, ատելութեան եւ հակառակութեան բոլոր զէնքերը։ Անոնք բոլորը դրուած էին գեղեցիկ բարձերու վրայ եւ կը հիացնէին, կը զմայլեցնէին դժոխքի բոլոր այցելուները։
Իսկ ամենահեռո՜ւ, յատուկ դարակի մը վրայ դրուած էր փոքրիկ, ուշադրութիւն չգրաւող, աննշան եւ բաւականաչափ մաշած փայտէ սեպ մը, այսինքն գամ մը՝ ցցուածք մը, որուն վրայ զետեղուած էր «Յուսահատութիւն» պիտակը, բոլոր այցելուները զարմացած էին՝ յուսահատութեան արժէքը աւելի մեծ էր, քան բոլոր մնացած զէնքերը, անոնց բոլորին միացած գինն ու յարգը։
Ուստի այցելուները հետաքրքրութեամբ հարցուցին, թէ ինչո՞ւ Սատանան այդ զէնքը մնացեալներէն աւելի գնահատած է։ Սատանան առանց վարանումի պատասխանեց.
«Յուսահատութիւնը միա՛կ զէնքն է իմ զէնքերուս մէջ՝ որուն վրայ ես կրնամ յոյս դնել ու վստահիլ, եթէ մնացած զէնքերը չկատարեն իրեն պարտականութիւնը եւ չկարենան արդարացնել իրենք զիրենք»։
Սատանան քնքոյշ կերպով շոյեց, փայփայեց փայտաշէն սեպը եւ շարունակեց պատճառաբանել.
«Եթէ յաջողիմ յուսահատութիւնը մտցնել մարդուն գլխուն մէջ, ան կը բանայ բոլոր դռները մնացած բոլոր զէնքերէն՝ ամէն չարիքներէ առաջ»։
Ուրեմն, իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, երբե՛ք, երբե՛ք, երբե՛ք մի՛ յուսահատիր, երբեք մի՛ յուսալքուիր, քանի որ քու ճանապարհին վրայ տեղ մը, անպայման լուսաւոր կէտ մը կա՛յ, որը պիտի դառնայ քու կեանքիդ մասը։ Չէ՞ որ բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ ո՛չ մէկ խաւար կարծուածին չափ մութ չէ՛, այլ անպայմա՛ն լոյսի ցոլք մը, շող մը կայ անոր մէջ, որ ի վերջոյ պիտի փարատէ խաւարը եւ պիտի լուսաւորէ զայն…։
Յոյսը՝ լո՛յսն է ինքնին։
Քանի որ առակով սկսանք, ուրեմն վերջացնենք նաեւ ուրիշ առակով մը, ուր կը տեսնուի, թէ յոյսը ինչպէ՛ս կը վառէ ու կը լուսաւորէ մարուած մոմերը։
Չորս մոմեր դանդաղ դանդաղ կ՚այրէին։ Լռութիւն կը տիրէր ամէն կողմ եւ կը լսուէր անոնց թեթեւ ձայնով խօսակցութիւնը իրարու հետ։ Առաջինը ըսաւ.
«Ես խաղաղութիւն եմ, մարդիկ չեն կրնար պահել զիս եւ չեն թողուր որ հանգչիմ», այսպէս ըսաւ եւ յետոյ տկարացաւ իր կրակը, եւ լոյսը նուազեցաւ, մարեցաւ բոլորովին։ Երկրորդը խօսք առնելով.
«Ես հաւատքն եմ, աւելորդ եմ, մարդիկ չեն ուզեր իմանալ իմ մասին, չեն ուզեր հասկնալ զիս, ուրեմն իմաստ չունի վառուած մնալ», ըսաւ, եւ երբ աւարտեց իր խօսքը, փչեց տկար, մեղմ զեփիւռը եւ վերջացուց անոր արդէն նուազած կրակը։
Երբ լսեց այս բոլորը եւ տեսաւ իր մոմ-ընկերներուն վախճանը, երրորդ մոմը տխո՜ւր արտայայտուեցաւ.
«Ես սէ՛րն եմ։ Այլեւս ուժ չունիմ, մարդիկ չեն հաւատար իմ կարեւորութեան, կը մոռնան նոյնիսկ իրենց սիրելիները, մերձաւորները», ըսաւ եւ անմիջապէս մարեցաւ։
Ճիշդ այդ պահուն ներս մտաւ երախայ մը, տեսաւ մարած երեք մոմերը՝ որոնց լոյսը սպառած էր։ Նայելով անոնց բարձրաձայն աղաղակեց.
«Ի՜նչ է ասիկա, դուք պէտք է մինչեւ վերջ վառուիք, լոյս տաք, լուսաւորէք», ըսաւ եւ սկսաւ լալ։ Այն ատեն խօսեցաւ չորրորդ մոմը։
«Քանի տակաւին ես կրակ ունիմ, կը վառենք միւս մոմերը։ Ես յո՛յսն եմ»։
Եւ փայլող աչքերով երախան յոյսի մոմով վառեց եւ լուսաւորեց միւսները։
Չեմ գիտեր, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, «յոյս»ը աւելի յստակ կերպով եւ պարզ ու բացայայտ ձեւով կարելի՞ է մեկնել։ Ուրեմն հոն ուր «յոյս» կայ, հոն կա՛յ նաեւ խաղաղութիւն, կա՛յ հաւատք, եւ կայ նաեւ սէր։ Յոյսը կարող է վերակենդանացնել այդ բոլորը, լուսաւորել խաւարը, կեանք ու կենդանութիւն ստեղծել, երջանկութեան վերածել ամէն դժբախտութիւն։ Եւ իրապէ՛ս յոյսը լո՛յս է սիրելի՜ներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 31, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024