«Վրիպակ 53»ի Դէմ Զայրոյթը Կ՚աճի, Երբ Apple-ի Ծրագրի Թարմացումը Կը Սպառնայ Սպաննել Iphone 6-ը
«Կարտիըն» թերթի յօդուածագիր Մայլզ Պրիկնալ անդրադարձած է բջիջային նորագոյն սարքի թերութեան:
«Վրիպակ 53»ի զայրոյթը կ՚աճի, երբ Apple-ի համակարգչային ծրագիրի(software) թարմացումը կը սպառնայ սպաննել քու iPhone 6-դ: Ձեր բջիջային հեռաձայնը անարժէք կը դառնայ, եթէ ատիկա երրորդ կողմ մը նորոգէ: Բայց ո՛չ զգուշացում կայ, ո՛չ ալ նորոգութիւն:
Apple-ի առաջին iPhone 6-ը գնող յաճախորդը երջանիկ էր… բայց ատկէ ի վեր գործածողները դժգոհեցան խնդիրներէ՝ խոր-հըրդաւոր «վրիպակ 53» հաղորդագիրով: Հազարաւոր անձեր, որոնք iPhone 6 կը գործածեն, կը նշեն, որ իրենց հեռաձայնները գրեթէ անարժէք դարձած են, որովհետեւ Apple- ի վերջին գործողութիւններու համակարգը մնայուն կ՚անջատէ հեռաձայնը, եթէ յայտնաբերէ, որ սարքը նորոգած է Apple-ին չառընչուող մասնագէտ մը: Արհեստագիտութեան աշխարհէն դուրս համեմատաբար քիչ մարդիկ տեղեակ են, այսպէս կոչուած, «վրիպակ 53»ի խնդրին, բայց եթէ ձեզի պատահի, դուք կը տեղեկանաք ատոր: Ըստ այս հարցի մասնագէտ լրագրողի մը, ատիկա «կը սպաննէ ձեր iPhone»ը:
Բայց խնդիրը միայն ի յայտ կու գայ, երբ Apple iPhone-ի ծրագրի վերջին տարբերակը՝ iOS 9 կը տեղադրուի: Նորոգութենէ մը ետք հեռաձայնը կրնայ կատարելապէս աշխատիլ շաբաթներ կամ ամիսներ:
Տեղադրումէն ետք, մեծ թիւով մարդիկ սարսափով կը հետեւին, թէ ինչպէս 1000 տոլար արժող իրենց հեռաձայնը, անգործածելի կը դառնայ: Սարքին մէջ տեղադրուած նկարները կամ այլ տուեալներ ընդմիշտ կ՚անհետանան: Մասնագէտներ կը պնդեն, որ Apple քաջատեղեակ է խնդրին, բայց ոչինչ ըրած է զգուշացնելու օգտագործողները, որ իրենց հեռաձայնը կրնայ անգործածելի դառնալ, եթէ տեղադրեն iOS թարմացումը:
Լրագրող-լուսանկարիչ Անթոնիօ Օլմոս ըսաւ, որ այս խնդիրը իր հեռաձայնին պատահեցաւ, երբ թարմացուց իր համակարգչային ծրագիրը: Օլմոս իր սարքը նախապէս նորոգութեան տուած էր, երբ Մակեդոնիա կը գտնուէր: «Պալքանեան երկիրներուն մէջ կը հետեւէի ներգաղթեալներու տագնապին, երբ հեռաձայնս ձեռքէս ինկաւ: Որովհետեւ աշխատանքիս համար կենսական էր ատիկա, նորոգել տուի տեղական խանութի մը մէջ, քանի Apple վաճառատուներ չկան այդ երկրին մէջ: Անոնք նորոգեցին պաստառը եւ հիմնական կոճակը (home button), եւ սարքը կատարեալ աշխատեցաւ: Ան կ՚ըսէ, թէ այլեւս ատոր մասին չէ մտածած, մինչեւ որ Apple-էն ստացած է ընթացիկ յիշեցում մը՝ նորագոյն ծրագիրը տեղադրելու: Ան ընդունած է թարմացումը, սակայն քանի մը երկվայրկեան ետք հեռաձայնին պաստառին վրայ յայտնուած է «վրիպակ 53»ը եւ … հեռաձայնը՝ մահացած: Օլմոս, որ տարիներու ընթացքին խոշոր գումարներ ծախսած է Apple արտադրութիւններ գնելով, երբ հեռաձայնը տարած է ընկերութեան Լոնտոնի մէկ վաճառատունը, անձնակազմը ըսած է, որ իրենք ոչինչ կրնան ընել, այս հեռաձայնը այժմ նետուելիք է, եւ թէ՝ պէտք է 550 տոլար վճարէ փոխարինումի համար:
Օլմոսի նման կան հազարաւորներ, որոնք իրենց Apple մակնիշի բջիջայիններու նորոգութիւնը, անտեղեակ այս բարդութիւններէն, յանձնած են երրորդ կողմի մը: Կրնա՞յ Apple-ի այս քայլը, որ կարծես թէ նախա-գըծւած է անկախ նորոգողները դուրս մղելու մրցակցութենէն, հակասել մրցակցութեան օրէնքներուն: Օրինակ, ինքնաշարժ արտադրողները արտօնուած չեն պնդելու, թէ գնողները միայն ընկերութիւններուն մօտ պէտք է նորոգեն իրենց ինքնաշարժները:
Բրիտանիոյ մէջ Apple շուրջ 500 տոլար կը գանձէ նորոգելու համար iPhone 6-ի հիմնական կոճակը, մինչ անկախ նորոգողներ այդ գումարին չնչին մէկ մասը կը պահանջեն: Գալիֆորնիայէն մասնագէտ Քայլ Իենս, որ կը ղեկավարէ iFixit կայքը, կ՚ըսէ. «Ասիկա մեծ խնդիր է: Մեր կայքին մէջ «վրիպակ 53»ի աւելի քան 183 հազար հարուածներ կան, եւ ասիկա լուրջ խնդիր է Apple օգտագործողներուն համար»: Ըստ անոր, պարզ չէ, թէ արդեօք ասիկա միտումնաւո՞ր քայլ մըն է՝ ստիպելու մարդոց, որպէսզի Apple-ի յանձնեն իրենց հեռաձայններու նորոգութիւնը: «Ամէն պարագայի, Apple-ի տեսակէտը այն է, որ չ՚ուզեր երրորդ կողմեր նորոգեն իր արտադրութիւնները»:
Apple ընկերութեան բանբեր մը լրատու միջոցներու ըսաւ. «Մենք կը պաշտպանենք մատնահետքի տուեալները՝ օգտագործելով անվտանգ սարք մը, որ յատուկ կերպով զուգորդուած է ինքնութեան ցուցիչին (ID sensor): Երբ iPhone-ի նորոգութիւնը կը կատարուի Apple-ի վաճառատուներու մէջ կամ լիազօրուած մասնագէտներու կողմէ, այս խնդիրները չեն ծագիր: Եթէ յաճախորդի մը iPhone-ի պաստառին վրայ յայտնուի «վրիպակ 53»ը, մենք խորհուրդ կու տանք դիմելու միայն Apple-ի»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւներ՝
«Կարտիըն» եւ «Պի.Պի.Սի»