ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՓԱԼՄԻՐԱՆ

Ամ­բողջ աշ­խար­հէն շուրջ վաթ­սուն կազ­մա­կեր­պու­թիւն իր օգ­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կած է սու­րիա­կան Փալ­մի­րա քա­ղա­քի պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու վե­րա­կանգն­ման հար­ցին, յայտ­նած է Հոմ­սի նա­հան­գա­պետ Թա­լալ էլ Պա­րա­զի: «­Պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թիւ­նը գնա­հա­տած է վնա­սը եւ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ։ Այս պա­հուն ստա­ցուած են օգ­նու­թեան ա­ռա­ջարկ­ներ շուրջ վաթ­սուն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ, քա­նի որ այդ յու­շար­ձան­նե­րը կը հա­մա­րուին անգ­նա­հա­տե­լի մեր քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար», ը­սած է Էլ Պա­րա­զի:
Ան նշած է, որ գու­մա­րը, որ կը պա­հան­ջուի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, դեռ հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած ա­պա­հո­վել, սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը յատ­կաց­նէ բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը:

Փալ­մի­րա­յի պատ­մա­կան տես­քի վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին քայ­լը պէտք է ըլ­լայ քա­ղա­քի ա­կա­նա­զեր­ծու­մը: Ան նաեւ յոյս յայտ­նած է, որ մօտ ա­պա­գա­յին բնա­կիչ­նե­րը կը կա­րո­ղա­նան վե­րա­դառ­նալ Փալ­մի­րա։

Մինչ այդ, Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րը վեր­ջերս վե­րա­կանգ­նած են պատ­մա­կան Փալ­մի­րա քա­ղա­քի նկատ­մամբ վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը: Ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ըն­թա­ցած են Ռու­սաս­տա­նի օ­դա­տիե­զե­րա­կան ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ: Փալ­մի­րան, ո­րու ա­ւե­րակ­նե­րը Սու­րիոյ մէջ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան վեց վայ­րե­րէն մէկն են, հսկո­ղու­թեան տակ կը գտնուէր 2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սի կէ­սե­րէն սկսեալ։

Միւս կող­մէ, Սու­րիոյ Հոմս նա­հան­գին մէջ գտնուող հի­նա­ւուրց Փալ­մի­րա քա­ղա­քէն յայտ­նա­բե­րուած է Փալ­մի­րա­յէն գող­ցուած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող հինգ յու­շար­ձան: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զա­նոնք գտած են Փալ­մի­րա­յի էլ-Մա­լէֆ թա­ղա­մա­սէն ներս գտնուող տու­նե­րէն մե­կուն մէջ` թա­ղուած: 

­«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը, գրա­ւե­լով սու­րիա­կան Փալ­մի­րա քա­ղա­քը, ոչն­չա­ցու­ցած էր շարք մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող յու­շար­ձան­ներ, իսկ ո­րոշ­ներն ալ փոր­ձած էր վա­ճա­ռել սեւ շու­կա­յի մէջ:

 

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016