ԾԻՍԱԿԱՆ ՎԷՃԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔ՝ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ պատմութեան մէջ «ծիսական վէճեր» պատահած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս կը վկայեն պատմական զանազան իրադարձութիւններ։ Արդարեւ հարցը զուտ կրօնական մարզի մէջ տեսնել սխա՛լ է, քանի որ ան աւելի ընդարձակ գետնի վրայ՝ ընկերային փոխյարաբերութիւններու մակարդակով պէտք է դիտել եւ ըստ այնմ ուսումնասիրել։
Ուստի, ժողովուրդ մը երբ ուրիշ ժողովուրդներու հետ շփուի, բնականաբար փոխադարձ ազդեցութիւններ տեղի կ՚ունենան, զոր օրինակ, անոնց նիստուկացի, անոնց աշխարհահայեցողութեան եւ ընդհանրապէս հաւաքական կեանքի ապրումներուն վրայ կ՚ազդեն։
Եւ կրօնական-եկեղեցական կեանքն ալ ի վերջոյ հաւաքական-ընկերային կեանք մըն է եւ նոյն պայմաններուն ազդեցութեան տակ կը ձեւաւորուի, կը ձեւափոխուի եւ որոշ ընթացք մը կ՚ունենայ։ Արդարեւ իրա՛ւ է որ կրօնական կեանքը ներհայեցողութեան, ներաշխարհը հետաքրքրող կեանք մըն է, եւ սակայն չի կրնար ազատ մնալ արտաքին, ընկերային կեանքի ընդհանուր ազդեցութիւններէն եւ կը տպաւորուի…։
Այս ընդհանուր սկզբունքին ներքեւ, անշուշտ որ հայ ժողովուրդին ալ, զանազան շրջաններուն, օտար ժողովուրդներու եւ ազգերու հետ շփուիլը բնականաբար ազդեցութիւն պէտք է ունենար անոր ամբողջ ընկերային կեանքի ձեւաւորման վրայ։ Ուստի օտար ազդեցութիւնը առաւելապէս նշանակելի եղաւ Կիլիկիայի մէջ՝ ուր հայերը շփուեցան ո՛չ միայն յոյներու, այլ եւ ուրիշ եւրոպական ազգերու հետ։ Եւ ինչպէս ըսինք, Հայ Եկեղեցին եւս այդ ազդեցութիւններէն ազատ չմնաց եւ այս հանգամանքը գժտութիւններ առաջ բերաւ հայ եկեղեցականութեան մէջ, յատկապէս աւանդապահ Արեւելեաններու եւ Կիլիկեացիներու միջեւ։
Հետամուտ ըլլալով «եկեղեցիներու միութեան» գաղափարին՝ Կիլիկեացի հայ հոգեւորականները, եւ յատկապէ՛ս Լամբրոնացին, կը ձգտէին Յոյն եւ մանաւանդ Հռովմէական Եկեղեցիի կարգերը Հայ Եկեղեցիի մէջ մտցնել, բան մը՝ որ Արեւելեաններուն դժգոհութիւնը առաջ բերաւ։
Հայ հաւաքականութեան եւ Եկեղեցիի «երկու մասերուն միջեւ» վէճը հետեւեալ խնդիրներու վրայ ծանրացած էր ընդհանրապէս.
ա) Լամբրոնացին, ինչպէս իր «Պատարագի մեկնութիւն»ն իսկ ցոյց կու տայ՝ հետեւելով օտարներուն՝ փոփոխութիւն մտցուց Հայ Պատարագամատոյցին մէջ եւ պատարագի համար նոր զգեստաւորութիւն, ինչպէս՝ մետաքսեայ շուրջառ, քթանեայ (քթան=կտաւ) շապիկ, սարկաւագ, դպիր եւ այլն։ Կիլիկիայի մէջ հոգեւորականները բաց գլխով կը պատարագէին եւ պատարագի ժամանակ քահանաներ կը սպասարկէին։ Այսպիսի զգեստներով պատարագելը Մխիթար Գօշը «աղքատութեան հետեւանք» կը համարէ. իսկ հոգեւորականներու գլուխ չբանալը անով՝ որ անոնք խուզուած (խուզել=մազ կտրել, մկրատել) մազ ունին։
ԺԳ դարուն Կոստանդին Կաթողիկոսը Արեւելքի վանքերը պատարագի թանկագին նափորաներ (=շուրջառ) ուղարկեց եւ այս ժամանակներէն սկսեալ՝ անոնց գործածութիւնը ընդհանուր դարձաւ եկեղեցիներու մէջ։
բ) Լամբրոնացին, օտարներու նայելով՝ ինչպէս կ՚երեւի, եկեղեցիներէն վարագոյրը վերցուցած է. եւ այս պատճառով իսկ Արեւելեան վարդապետներուն բարկութիւնը գրգռած։ Լամբրոնացին ալ իր կողմէ կը մեղադրէ զանոնք, որ սրբազան պատարագի ժամանակ եկեղեցիի դուռը կը գոցեն։ Բայց այս սովորութիւնը Արեւելքի մէջ եղած է անոր համար, որ օտարներ ներս չմտնեն եւ Սուրբ Խորհուրդը չանարգեն, եւ այս սովորութիւնը շատ հին ժամանակներէն է եղած եւ ընդհանրացած։
գ) Նկատի ունենալով իր ժամանակի տկար աճելութիւնը՝ Լամբրոնացին իր վիճակին մէջ (վիճակ=թեմ, գաւառ) «երրորդ ամուսնութիւն»ը թոյլ տուած է, այն ի՛նչ որ Հայաստանի մէջ այս կէտը կը դատապարտուէր իբրեւ անժուժկալութեան նշան, եւ Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու սովորութիւն կը համարուէր։
դ) Կիլիկեացիներ լատիններու եւ յոյներու նման կ՚ընդունէին, որ սրբազան պատարագ կարելի է մատուցանել ո՛չ միայն հանգուցեալներու, այլ եւ կենդանիներու համար, այն ի՛նչ Հիւսիսային վարդապետներու տեսութեամբ պատարագ կարելի էր մատուցանել միմիայն ննջեցեալներու հոգիի փրկութեան համար, եւ ինչպէս Մխիթար Գօշ եւս կը պաշտպանէր։
ե) Կիլիկիայի մէջ սովորութիւն էր՝ հայ եկեղեցիները զարդարել սրբանկարներով՝ ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցիի սովորութեան համեմատ, եւ Լամբրոնացին Ծաղկազարդի տօնին, անգամ մը մինչեւ իսկ փափաքեցաւ, որ Տարսոնի եկեղեցիին մէջ Աւետարանը նախ յունարէն կարդացուի եւ ապա հայերէն՝ որպէս թէ «Կաթողիկէ Եկեղեցիի կարգը այդպէս կը պահանջէ», բայց Արեւելեաններ կ՚ընդունէին, թէ Հայ Եկեղեցիի մէջ միա՛յն Սուրբ Խաչը, Փրկչի եւ Տիրամօր սրբապատկերները պէտք է գտնուին եւ ուրիշ ո՛չ մէկ նորաձեւութիւն։
Արդարեւ որչափ եւ Հիւսիսային վարդապետներ հակառա՛կ էին կիլիկեացիներու «նորաձեւութիւն»ներուն, իրենք ալ սակայն ազատ չէին պէս-պէս թերութիւններէ։
Ինչպէս Լամբրոնացին, այսպէս նաեւ այդ ժամանակի յոյներն ու վրացիները միշտ կը պախարակէին ու կ՚այպանէին հայ կրօնաւորներու կեանքը՝ թէ գինեսէր են, մսակեր եւ այլն։ Եւ Մխիթար Գօշ, ամենայն արդարամտութեամբ հայ հոգեւորականներու թերութիւնները թուելով հանդերձ՝ դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ անոնք վրացի եւ յոյն կրօնաւորներէն ո՛րչափ բարձր են։
Ախտ մը՝ որ սաստիկ տարածուած էր հայ բարձր հոգեւորականութեան մէջ, այդ «սիմոնականութիւն»ն էր, որուն մասին օտարները, ինչպէս նաեւ Մխիթար Գօշ, յաճախ կը շեշտեն։
Սա բնական է, որ ձեռնադրողը՝ որեւէ «տուրք» ստանայ, բայց դատապարտելի է, որ հայ եպիսկոպոսները կանխապէս «տուրք» կը ստանան եւ «անարժաններ»ը կը ձեռնադրեն։ Եւ այս չար սովորութեան դէմ Սսի 1243 թուականի ժողովը առանձին կանոն սահմանեց։ Եւ յոյները, որ հայ հոգեւորականները խիստ կը մեղադրէին «սիմոնականութեան» մէջ, իրենք ալ սոսկալի կերպով նոյն ախտի մէջ թաղուած էին…։
«Սիմոնականութեան» բնական հետեւանքը հոգեւորականութեան անկո՛ւմն էր, անարժան մարդիկ դիւրապրեցիկ ըլլալու համար կը ձգտէին «կաշառ»ով «քահանայական կոչում» ստանալ…։
- Օգտուեցանք մեծ մասամբ Աբր. Զամինի «Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն - 1908»էն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 5, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024