ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱԼԱ

Մեր հա­մայն­քի հա­մակ­րե­լի դե­րա­սան­նե­րէն Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը կը շա­րու­նա­կէ նուա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րել շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հէն ներս։ Ե­րէկ, Լե­ւեն­տի «Էօզ­տի­լէք» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ «Cinnia-İfritin Diyeti» ժա­պա­ւէ­նը, ո­րու դե­րա­սան­նե­րու շար­քին է Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը։

Այս ֆիլ­մի բե­մադ­րիչ­ներն են՝ Էօզ­կիւր Էօզ­պերք եւ Շա­հին Եի­ղիթ։ Բե­մագ­րու­թեան հե­ղի­նակն է Իպ­րա­հիմ Հաք­քը Էօզ­թիւրք։ Դե­րա­սան­ներն են՝ Էօզ­կիւր Էօզ­պերք, Կիւլ­շահ Չո­մօղ­լու, Ֆահ­րի Էօզ­թեզ­ճան, Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը, Կէօզ­տէ Ֆի­տան, Սե­րափ Էօն­տէր, Ֆաթ­մա Էօ­նէյ, Էպ­րու Տե­միր­տէօ­վէն եւ Եու­սուֆ Ճե­մալ Թե­մէլ։

Նկա­րա­հա­նում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են Կու­տի­նա­յի (Քիւ­թա­հիա) Էս­կի­կե­տիզ գա­ւա­ռա­կին մէջ։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցադ­րու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Էս­կի­կե­տի­զի քա­ղա­քա­պետ Էր­ճան Շիմ­շէք, որ յանձ­նեց յու­շա­նուէր­ներ։

Հարկ է նշել, որ այս ֆիլ­մին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի այս Ուր­բաթ՝ Ապ­րի­լի 15-ին։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճըն, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016