ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։ Էր­տո­ղան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րուն հետ կ՚ու­նե­նայ նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ՝ Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, «Մա­պէյն» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ։ Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ նա­խա­գահ­նե­րու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­զա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ ալ կը գտնուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016