ՄՇՏՆՋԵՆԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐԻՏԸ
Երբեք խորհա՞ծ էք Աստուծոյ յաւիտենականութեան վրայ. այն ճշմարտութեան մասին՝ որ անփոփոխ է եւ մշտնջենաւոր։ Արդարեւ մարդկային մտքի ըմբռնողական կարողութիւնը սահմանաւոր է։ Ան կը կարծէ հասկնալ եւ ըմբռնել իրականութիւնները, բայց հազիւ մէկ մասը միայն կրնայ իմանալ։
Անբաւական են մարդոց բառերը սահմանելու համար Աստուած իր ամբողջ էութեամբ եւ բնութեամբ։ Եւ այս, եթէ խորհի մարդ, ո՜րքան յուսահատական է։ Մարդ միշտ յուսախաբութեան պիտի մատնուի՝ այնքան ատեն որ կարծէ, թէ հասկցած եւ ըմբռնած է Աստուած ճշմարտութիւնը իր լիութեամբ։ Աստուած ճշմարտութեան մասին, մարդ միշտ թերութիւն մը պիտի ունենայ, քանի որ իր մտային ըմբռնողութիւնը նեղ սահմաններու մէջ կը գործէ։ Մարդկային էութեան ընդհանուր նկարագի՛րն է այս։
Մարդ որքան ալ փորձէ ըմբռնել Աստուծոյ էութիւնը, ո՛չ որակիչ բառեր, եւ ոչ ալ անոնց համադրութիւնը կրնան նկարագրել ու պարզել Աստուծոյ իրականութիւնը իր լիութեամբը։ Յուսահատական չէ՞ ասիկա մարդուս համար, որ կը կարծէ, թէ կատարեալ, անթերի, մտապէս ամենակարող էակ մըն է ինք։ Եւ մարդ, Աստուած չէ, Արարիչ ալ չէ, այլ պարզապէս արարած՝ իր Արարչին «նմանութեամբ» եւ Անոր «պատկեր»ով ստեղծուած։
«Ինք ըլլալ» տարբեր բան է, «նմանիլ»՝ տարբե՛ր։
Ըսինք, թէ ո՛չ մէկ բառ կրնայ նկարագրել Աստուած իր ամբողջ էութեամբ եւ բնաւորութեամբ։ Եւ սակայն բառեր կրնան օգնել մարդկային մտքին, ըմբռնելու Աստուած ըստ մարդուս ըմբռնելու սահմանաւոր կարողութեան։
Ուստի մարդ պէ՛տք է որ խոնարհաբար ընդունի, թէ Աստուած աւելի մե՛ծ իրականութիւն մըն է, քան մարդկային մտքին կարողութիւնը՝ ըմբռնելու համար զԱյն։ Եւ ինչո՞ւ համար այսպէս չ՚ըլլար, քանի որ մարդ «արարած» է եւ Աստուած՝ արարի՛չ։ Եւ որեւէ բանի մը նմանիլ՝ այդ բանը ըլլալ չի նշանակեր երբեք։
Աստուած իրականութիւնը լիապէս ըմբռնելու համար մարդն ալ «աստուած» ըլլալու է, բայց ան միայն «մարդ» է՝ օժտուած «սահմանաւոր կարողութիւն»ներով։
Տեսէ՛ք, սիրելի՜ներ, Աստուած իր էութեամբ, իր նկարագրով ու բնութեամբ յաւիտենապէս նո՛յնն է՝ մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի՛։ Աստուած միշտ նոյնն է եւ անփոփոխ։ Այսու հանդերձ իւրաքանչիւր անհատի «Աստուած»ը նոյնը չէ՝ Աստուած իրականութիւնը կը տարբերի ամէն մէկ անհատի համար։ Անհատներ ո՛րքան որ կը տարբերին իրարմէ արտաքնապէս, ըստ երեւոյթի, կը տարբերին նաեւ իրենց մտքի ըմբռնողական կարողութեամբ։ Եւ այս տարբերութեան որպէս հետեւանք՝ կը տարբերին իրարմէ նաեւ աստուածային իրականութիւնները, որ տպաւորուած է ամէն մէկ անհատի երեւակայութեան մէջ։ Այս պատճառով՝ որքան որ մարդ կայ՝ այնքան եւ նոյնքան աստուածային իրականութեան ըմբռնում կա՛յ։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ մէկուն «Աստուած»ը աւելի մեծ է քան միւսինը, մէկունը աւելի բարի է քան միւսինը՝ իր բոլոր սահմանելի եւ ըմբռնելի ստորոգելիներովը։
Եւ իսկապէ՛ս սակայն մարդիկ իրե՛նք են տարբերողը եւ ո՛չ՝ Աստուած ինք, որ անայլայլելի է՝ անփոփոխ եւ յաւիտենական, անժամանակ, ամէնուրեք։
Ահա՛ այս կէտին է որ Յիսուս մեծ եւ կարեւոր ազդակ մը կը հանդիսանայ մարդուս՝ զԱստուած եւ իր ամբողջ էութիւնը, իրականութիւնը եւ նկարագիրը ճանչնալու եւ ըմբռնելու բանաւորապէս աւելի ճշգրտօրէն քան առանց Անոր։ Անշուշտ, պայմանաւ որ սակայն ընդունի մարդ Յիսուս Քրիստոսը իր իսկական էութեամբ՝ իբրեւ Որդի Աստուծոյ։
Եւ քրիստոնէական դաւանանքի հիմնաքարն է արդէն Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը։
Ուստի Աստուած իրականութիւնը ըմբռնելու միա՛կ միջոցը՝ հաւատա՛լն է այն ճշմարտութեան, թէ Յիսուս Որդի՛ն է Աստուծոյ՝ տեսանելի եւ թանձրացեալ Աստուա՛ծ։ Եւ եթէ Որդին ու Հայրը նո՛յնն են, ապա ուրեմն, ի՛նչ որ է մին, միւսն ալ նոյնն է։ Պարզ խօսքով՝ քրիստոնեային Աստուածը Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ կը յայտնուի, կամ ըսենք, Աստուած քրիստոնեային համար ա՛յն է՝ ինչ որ է Յիսուս Քրիստոս։
Ուրեմն, այս կերպով, Յիսուս դուրս հանեց, արտայայտեց Աստուծոյ իրականութիւնը մարդկային մտքի ըմբռնողութեան նեղ ու սահմանաւոր գիծէն, սահմանէն, եւ դրաւ զայն մարդկային փորձառութեան լայնագոյն եւ մեծածաւալ սահմանին մէջ։ Ըսենք՝ հոգիի աչքով տեսնելու կարողութիւն տուաւ մարդուն, որպէսզի կարենայ տեսնել, ճանչնալ եւ ըմբռնել զԱստուած իր էութեամբ։
Աստուծոյ բնութեան եւ նկարագրին մասին բաւական գոհացուցիչ բացատրութիւնը եւ նկարագրութիւնը վերածուեցաւ շօշափելի եւ տեսանելի թանձրացեալ «իրականութեան» մը՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Զոր օրինակ, երբ կը խորհրդածենք, կը խօսինք եւ հասկնալ կը փորձենք Աստուծոյ բարութեան մասին, այդ բարութեան լիակատար արտայայտութիւնը, ցուցմունքը կը տեսնենք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։
Նոյնպէս՝ Աստուծոյ սէրը, եւ անոր գերագոյն նպատակները մեղաւոր մարդկութեան համար։
Աստուծոյ իմաստութիւնը ամբողջովին կը տեսնուի նաեւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Եւ ասիկա նկատելի է նաեւ ուրիշ կրօններու պարագային։ Զոր օրինակ, Պուտտա միայն քարոզիչ մը չէ՛ Աստուծոյ մը, հապա «տիպա՛ր» մը՝ իր ներկայացուցած եւ կամ քարոզած Աստուծոյն։ Արդարեւ պուտտայականը՝ Պուտտայի «Աստուած»ը կը տեսնէ Պուտտայի անձին մէջ։
Իսկ քրիստոնեային ճշմարիտ Աստուածը Քրիստոսով յայտնուած եւ Քրիստոսի մէջ ապրած Աստուա՛ծն է։
Եւ քրիստոնեային համար այդքանը կը բաւէ։
Քրիստոնեային համար աստուածութիւնը՝ էապէս քրիստոսաբանութիւնն է, այսինքն ջանք մը զԱստուած հասկնալու, ճանչնալու եւ ըմբռնելու, կարենալ սահմանելու՝ Քրիստոսը հասկնալով եւ սահմանելով, որ տեսանելի եւ թանձրացեալ Աստուա՛ծն է։
Եւ քրիստոնեային Աստուածը ճշմարիտ է, քանի որ Քրիստոս ճշմարտութիւն է։ Քրիստոնեային Աստուածը յաւիտենական է, որովհետեւ Քրիստոս յաւիտենական է։ Այս իմաստով Քրիստոս երբեք «պատմական» դէմք մը չէր՝ որ եկաւ ու անցաւ այս աշխարհէն, այլ եւ մանաւանդ՝ յայտնութի՛ւն մըն է Աստուծոյ յաւիտենական, մշտնջենաւոր ու անփոփոխ իրականութեան եւ ուստի Ինք՝ յաւիտենական իբրեւ մարմնացեալ եւ կենդանացեալ ճշմարիտ յայտնութեան իրականացումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024