ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան ու «Hayata Bağış» միութեան կազմակերպութեամբ, Պաքըրգիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն նպատակն էր քաջալերել «Ներքին գործարաններու նուիրաբերման» գաղափարը։
«Կրօններու հասարակաց եզրը՝ մարդու կեանք եւ ներքին գործարաններու նուիրաբերման» կապակցութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հանդիսութեան ներկայ եղան ու ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Տքթ. Պիւլենտ Քերիմօղլու, Իսթանպուլի կրօնից տեսուչ Փրոֆ. Տքթ. Ռահմի Եարար, Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ներկայացուցիչ Փրոֆ. Տքթ. Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չեթին եւ Հրէից րաբունապետ Ռավ Իզհաք Հալեւա։ Հոգեւոր առաջնորդները իրենց արտայայտութիւններով քաջալերեցին ներքին գործարաններու նուիրաբերման կարեւորութիւնը։
Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ գնահատեց սոյն հանդիսութեան կազմակերպիչները եւ ըսաւ. «Սոյն հանդէսը կը խօսէր մարդոց սրտերուն ու խղճերուն։ Մարդիկ երբ տակաւին ի կեանս են, իրենց ազատ կամքով կատարած նուիրաբերումով կրնան առիթ ընծայել կոյրի մը տեսողութիւն, հիւանդի մը բժշկութիւն։ Կը քաջալերենք ներքին գործարաններու նուիրաբերումը եւ կը գտնահատենք նուիրաբերողները։ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին համաձայն, մարդոց իրարու կեանք շնորհելը, սիրոյ լաւագոյն արտայայտութեան ձեւն է։ Ով որ իր ներքին գործարանները կը նուիրաբերէ, ցոյց տուած կ՚ըլլայ նաեւ Աստուծոյ նկատմամբ իր սէրը»։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024