ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ներկայացումով մը։ «Hangisi babası» խաղը ներկայացուեցաւ թաղի վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ եւ յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ բազմաթիւ թատերասէրներ։
Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը յիշեալ խաղը կը ներկայացնէ բեմադրիչ Մերթ Ասութայի մականին ներքեւ։ Դերակատարներն են՝ Ադամ Արսլան, Թաթիանա Թումայեան, Նաթալի Էօզքայա, Ասլին Ուստաարամօղլու, Արաս Թերճան, Սեւան Նիզամեան եւ Թորոս Փեհլիվան։
Ներկայացման աւարտին թատերախումբին անունով արտայայտուեցաւ Ասլին Ուստաարամօղլու։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց բեմադրիչին կողակիցը՝ Շիրին Ասութայ։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հանդիսատեսները ջերմօրէն շնորհաւորեցին թատերախումբի անդամները, մինչ տօնական բարձր տրամադրութեան մը մթնոլորտով հատուեցաւ կարկանդակը։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024