ԱՂՕԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ՕՐ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ եզակի օր մը։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ քաղաքս հրաւիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը եւ իրեն ընկերակից միաբանները մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Այս առթիւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց միաբան հայրերն ու երգչախումբի անդամները։ Բառին բուն իմաստով աղօթակցութեան մտերմիկ օր մը ապրուեցաւ, ինչ որ անմոռանալի կը դառնայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։
Երէկ առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Արարողութիւններուն նախագահեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Անթիլիասի միաբանութենէն Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, Տ. Զաւէն Աբեղայ Նաճարեան, Տ. Արտաւազդ Աբեղայ Շառոյեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ սարկաւագներուն առընթեր, Ս. Սեղանին սպասարկեցին նաեւ հիւր խումբէն սարկաւագներ եւ ժառանգաւոր սաներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ նաեւ թաղի վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Ալաճաճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Բառին բուն իմաստով ընտանեկան հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Հոգեւոր հայրերը, հիւր երգչախումբի անդամները, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ այլ հիւրեր համախմբուեցան տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան յուշանուէրներ յանձնեց Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրին, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, որոնք նպաստած էին այս այցելութեան ծրագրին։
Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին, որ այս առթիւ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։
Աւելի վերջ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին եւ շեշտեց անոր անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ իրենց ուղեւորութեան կազմակերպման գծով։ Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչը բոլոր ներկաներուն համակրանքին արժանացաւ իր անմիջական ոճով եւ անկեղծ արտայայտութիւններով։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երկու հայր սուրբերը փոխանակեցին յուշանուէրներ։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ հիւր միաբաններուն համար պատրաստուած յուշանուէրներն ալ յանձնուեցան ձեռամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի Օրհներգի երգեցողութեամբ։
Հարկ է նշել, որ «Արմաշ»ի անդամները երէկ նաւապտոյտ մըն ալ կատարեցին Վոսփորի վրայ եւ այսպէսով եզրափակուեցաւ իրենց Իսթանպուլ այցելութեան ծրագիրը։ Անոնք երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առին քաղաքէս վերադառնալու համար Պէյրութ։