ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինտա Թոփալօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Վաչէ-Սերտա Թոփալօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմավաստակ լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի (Ֆօթօ Շէնէլ)։
Ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակներէ լայն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մկրտութիւնը, որու մասնակիցները ուրախակից եղան Թոփալօղլու եւ Կէօքթաշ ընտանիքներուն։ Խանդավառ խորհրդակատարութեան ընթացքին փոքրիկը մկրտեց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Կնքահայրն էր Գամէր-Շիլա Շիրինօղլու։
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հրաւիրեալները անկեղծ բարեմաղթութիւններ ըրին նորոգ մկրտեալ Լինտա Թոփալօղլուի համար։
Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք մը կը մաղթենք փոքրիկն Լինտա Թոփալօղլուին։ Կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ Վաչէ-Սերտա Թոփալօղլու ամոլը։ Մեր խնդակցութիւնները մեծ ծնողաց՝ Տիգրան-Նատիա Թոփալօղլուին, Կարապետ-Լուիզ Կէօքթաշին, ինչպէս նաեւ Գամէր-Շիլա Շիրինօղլու ամոլին։