ԱՐԺԱՆԻ՞ ԵՆՔ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ
Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ եթէ փողոցը, աշխատավայրը կամ որեւէ այլ տեղ հարց տայիր մեր հայրենակիցներէն ոեւէ մէկուն, թէ ի՞նչ կ՚ընէ, եթէ պատերազմը վերսկսի Արցախի մէջ, պատասխանը, խիստ բորբոքած ու ջղային, կ՚ըլլար մօտաւորապէս այսպէս. «Այդ ղարաբաղցի՛ները թող երթան պաշտպանեն Արցախը», «Ես Սերժի համար ոչ մէկ բան կ՚ընեմ. ինքը ինչո՞վ ինծի օգնեց որ…», «Թող իրենց՝ այդ շիշկեքի լակոտները երթան կռուելու», «Այդ ԴԱՀԿ-ի տղաքը թող երթան ճակատ. ես երկիր, հող պաշտպանեմ, որպէսզի Միհրանը օֆֆշորներու մէջ փո՞ղ կուտակէ»: Եւ այլն, եւ այլն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ աւելի սուր, առաւել բնորոշ օրինակներ տալ: Այո՛, ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ մեր հասարակութեան, դժգոհ ու չարացած, առիթ պէտք էր բնովելու թէ՛ իշխանութիւններուն, թէ՛ քաղաքական ուժերուն, թէ՛ ղարաբաղցիներուն, թէ՛ մանր ու խոշոր պաշտօնեաներուն ու մենաշնորհեալ պիզնեսմեններուն: Դժգոհ ու անհանդուրժող՝ նոյնիսկ հարեւանի ու բարեկամի հանդէպ՝ յոյսը դրած դէպի Ռուսաստան կամ այլուր ծլկելու վրայ:
Բայց… Ապրիլի 2-ին արդէն ամէն ինչ փոխուեցաւ, կարծէք հրաշիւք իմն: Բոլորի հայեացքը թեքուեցաւ դէպի մէկ ուղղութիւն, դէպի Արցախ, դէպի մեր տղաները, դէպի մեր բանակը, մեր… Երեւի Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Վան ու Մուսա լեռ այսպէս է եղած, այսպէս է մեր ժողովուրդը բռնցքուած օրհասի պահուն: Եւ ըստ երեւոյթին, այդ եղած է թշնամիներն ու բարեկամները զարմացնող մեր գլխաւոր յատկութիւնը, ազգային այս տարօրինակ երեւոյթը, որ ըմբռնելը ոչ թէ դժուար, այլ անկարելի է, անգամ մե՛զի համար, առաւել եւս՝ մեր շատ ղեկավարներու համար…
Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին մենք եւ մեր հակառակորդները տեսան ազգային այդ երեւոյթի տարբեր դրսեւորումները, որոնց մասին հետագայ էջերու մէջ դոյզն չափով կ՚անդրադառնան մեր աշխատակիցները, վերլուծաբանները, հետեւաբար չեմ ուզեր կանխել զանոնք: Բայց կ՚ուզեմ, առաւել եւս՝ կը ցանկամ հարց տալ. արժանի՞ ենք մեր աննման հերոսներուն, մահուան աչքերուն նայող մեր քաջարի զինուորներուն, անոնց արեան, անոնց մատաղ կեանքին, անոնց ծնողներուն եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին:
Երբ մեր երկրի ու ժողովուրդի դէմ նիւթուած դաւադրութիւններն ու սադրանքները գէթ որոշ ժամանակով կանգ առնեն, թող վստահ ըլլան մեր ղեկավարները, փտածութեամբ յատկանշուող պաշտօնեաները, մեզ հարստահարող սեփական պիզնեսմենները, խարդախներն ու յուսալքութեան մատնողները, որ միեւնոյն դժգոհութիւնն ու չարացածութիւնը, որ կար Ապրիլի 2-էն առաջ, դարձեալ պիտի բորբոքուի, աւելի՛ կատաղի ձեւով, աւելի յուսահատ ու բոլորիս համար կործանարար:
Մենք ունեցած ենք նման պահեր արցախեան ազատամարտէն անմիջապէս յետոյ, երբ մեր հաւաքական ոգեւորութիւնը զոհ դարձած է անարդարութիւններու, անպատասխանատուութեան, փնթի կառավարման, «մեր դէմ խաղ չկայ» կարգախօսներու: Պէտք չէ թոյլ տալ նոյնի կրկնութիւնը այժմ, երբ կրկին բարձրացած է համազգային ոգեւորութեան ալիքը: Ճիշդ է՝ կորուստներու եւ արցունքներու մէջէն, բայց բարձրացա՛ծ է: Մնանք այդ բարձրութեան վրայ ընդմիշտ:
Մեր ժողովուրդը իսկապէս արժանի է աւելի լաւ կեանքի: Ապացոյց՝ մեր հերոսները, մեր նահատակները:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
«Ազգ»
Արեւմտահայերէնի վերածուած