ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Օ­րուան նիւթն էր Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին, որ ան­ցեալ տա­րի Վա­տի­կա­նի կող­մէ հռչա­կուե­ցաւ «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ»։

­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Քա­մար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէ­նու­հի­ներ՝ Ե­ւա Օ­րա­քեան, Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան եւ Քա­թիա Վար­կը, ինչ­պէս նաեւ ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ ու ծնող­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Ա­ւե­լի վերջ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ անդ­րա­դար­ձաւ Նա­րե­կա­ցիի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան, ի­րեն ծնունդ տուած պայ­ման­նե­րուն ու մի­ջա­վայ­րին։ Նա­րե­կա­ցիի ժա­ռան­գու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ժա­մա­նակ Գե­րա­պայ­ծա­ռը մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան»ին վրայ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ շեշ­տեց նաեւ, թէ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին ու­նի տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր սուր­բեր, սա­կայն տիե­զե­րա­կան վար­դա­պե­տի կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած­նե­րուն թի­ւը Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիով դար­ձաւ ե­րե­սուն­վեց։

Բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին Գե­րա­պայ­ծա­ռը պա­տաս­խա­նեց նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, մինչ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի ձե­ռամբ ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ յու­շա­նուէր մը։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին դպրո­ցի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տով զրոյց մը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016