ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ներկայացումով մը, որ առարկայ դարձաւ թատերասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին կը համընկնի այս ներկայացումներու շարքը, որու մեկնարկը երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը այս տարի կը ներկայացնէ «Չըլկըն տիւնեա» անուն խաղը, որու բեմադրիչն է Պուրճու Թոքուչ։ Լոփէ տէ Վեկայի կողմէ հեղինակուած թատրերգութիւնը թարգմանած է Ատալէթ Ճիմճոզ։ Դերակատարներն են՝ Քրիս Տինչքայըքճը, Խաչիկ Ինկիլիզօղլու, Փերին Քոլուքըսաեան, Այլին Քէշիշօղլու, Արթօ Արսէնեան, Անի Սիւրմէեան, Փոլին Սահակեան, Սելին Չավուշօղլու, Գարին Թահմինճիօղլու եւ Յակոբ Քիւփէլի։
Նկատի ունենալով, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը ներկայիս ունի ժամանակաւոր հաւաքատեղի մը՝ թատերախումբին ներկայացումները նախատեսուած են «Ալի Փոյրազօղլու» թատրոնի երդիքին տակ, ուր երէկուան կալան պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնուհիներ՝ Եւա Օրագեան, Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը, Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, Մխիթարեանի ընտանիքէն ծանօթ դէմքեր, արուեստագէտներ եւ թատերասէրներ։ Վարդան Պալմումճեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, իսկ ներկայացման աւարտին հանդիսատեսներուն հետ իրենց զգացումները բաժնեցին՝ դերակատարներէն Սելին Չավուշօղլու եւ բեմադրիչ Պուրճու Թոքուչ։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին դատերախումբի անդամները՝ յղելով իրենց շնորհաւորութիւնը։