ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնագիտական բանախօսութիւն մը, որու նիւթն էր մինչեւ վեց տարեկան մանուկներու հարցերու պարագային ծնողներուն վիճակած պատասխանատուութիւնը։ «Մտային հոգեբանական խորհրդակցութեան կեդրոն»էն երկու հոգեբաններ՝ Էննա Էօքքէ եւ Սերհան Էքին այս առթիւ հանդէս եկան բացատրութիւններով։ Մասնագէտները պատասխանեցին նաեւ հաւաքոյթի մասնակիցներու հարցումներուն։
Բանախօսութեան ներկայ էին վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուռնուռ, հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ուսուցչուհիներ եւ ծնողներ։ Այս առթիւ Գարեգին Պարսամեան հանդէս եկաւ նաեւ շնորհակալութեան խօսքով մը։