ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց միա­ցած էին նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան եւ Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան։ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­կան­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցին Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­դա­ռաջ։ Ծա­նօթ է, որ ա­մէն տա­րի Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին օ­րը կը կա­տա­րուի մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Այս տա­րի Հո­գե­գա­լուս­տը պի­տի նշուի Մա­յի­սի 15-ին։ Թա­ղա­կան­նե­րը կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան սի­րով ըն­դա­ռա­ջեց խնդրան­քին Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը, նաեւ յա­ջո­ղու­թիւն ու կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016