ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ՝ ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ - Ա -
«Նշանադրութիւն» ըսելով կը հասկցուի պսակուելէ առաջ երկու կողմի համաձայնութեամբ կայացած վճիռը՝ որուն միջոցով կը յայտարարուի ոեւէ մէկ աղջկան նշանուած ըլլալը՝ տղայի մը։
Նշանադրութեան սովորութիւնը շատ հին սովորութիւն մըն է՝ նոյնիսկ նախաքրիստոնէական ժամանակներէ եկած։
Ժողովրդական սովորութեամբ տակաւին օրօրոցի մէջ եղած միջոցին, ծնողները «խօսք» կու տային խնամի դառնալու, մինչեւ իսկ «օրօրոց կը նշանակէին» ի նշան այդ խօսքին, փոքրերը մեծնալէն յետոյ՝ հարսանիքէն առաջ նշանը կ՚օրհնէին, եւ երկրորդ անգամ, եկեղեցիի միջամտութեամբ հարսնցուի եւ փեսացուի ապագայի ամուսնական շաղկապը կը հաստատէին, կ՚ամրապնդէին։ Եւ կամ պսակէն քիչ մը առաջ, պատշաճ ժամանակի մը ընթացքին, երբ տղայ ու աղջիկ հարսնախօսներու միջոցով կամ ուղղակի խնամիներու համաձայնութեամբ նշանդրէքի օր կը նշանակէին, կը բերէին մատանի կամ օղակ տղայի տունը, քահանայ հայրը կը կարդար սահմանուած օրհնութիւնը, եւ նշանադրութիւնը կայացած կը համարուէր։
Քահանայ հօր միջոցով՝ օրհնութեամբ կատարուած նշանադրութենէն յետոյ կը պատահէին դէպքեր կամ կը կատարուէին ձեւական իրադարձութիւններ նշանը ետ տալու, երբ որեւէ թիւրիմացութիւն տեղի ունենար երկու կողմի մէջ, այդ պարագային դժուարութիւններ կը ստեղծուէր թէ՛ նշանադրութեան զանազան ծախքերու վերաբերմամբ, թէ՛ քահանայի կողմէ նշանի օրհնութիւնը դժուարութեամբ քանդելու՝ ոչինչ նկատելու տեսակէտով։
Անկիւրայի Ժողովի (313-315) 11-րդ կանոնը կը սահմանէ, որ եթէ նշանուած աշջիկը առեւանգուած է նախապէս, եւ մինչեւ իսկ լլկուած, այդ պատճառով պիտի դառնայ նախկին նշանածին։ Կը տեսնուի, թէ կանոնը շատ խի՛ստ է եւ դժուար գործադրելի՛։
Այս մասին Բարսեղ Մեծի Կանոնը (370-378)՝ որ է 22-րդ կանոնը աւելի ազատ է, աւելի լայնախոհ մտածումով սահման կ՚որոշէ, իրաւունքը յանձնելով փախցուած (առեւանգուած) աղջկեան եւ ծնողներուն Լեւոն Իմաստասէրի Օրէնքով, եկեղեցական նշանադրութիւնը կարելի էր կատարել ո՛չ աւելի առաջ, քան եկեղեցական օրէնքներու համաձայն չափահասութեան հասնիլը՝ այն է. տղայի համար 13 եւ 15 տարի, աղջկան համար՝ 9 տարի։
Հոս ալ բացայայտ կերպով կ՚երեւի, թէ օրէնքներ պէ՛տք է համապատասխանեն ու յարմարութիւն ցոյց տան ներկայ թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքի պայմաններուն նկատմամբ։ Տարբեր բացատրութեամբ օրէնքներ պէտք է ժամանակակից ըլլան եւ գոհացում կարենան տալ ներկայ պահանջներուն՝ ներկայ պայմաններու եւ պարագաներու մէջ։ Երբ հետզհետէ կը փոխուին ընկերային կեանքի պայմանները եւ ըմբռնումները՝ պէտք է համընթաց փոխուին օրէնքները։
Ուրեմն երբ կը խօսինք օրէնք եւ կանոններու մասին, յատկապէս պէտք է զանազանել՝ պատմական արժէք ներկայացնողները եւ ներկայ պայմաններու մէջ գործադրելի եւ որպէս օրէնք զօրութիւն ունեցած կանոնները՝ որոնք կրնան գործադրուիլ առանց անոնց օրէնսդրութեան թուականը նկատի ունենալու։ Եւ այս իմաստով՝ երբ տեւական բարեշրջումի մէջ է ընկերային կեանքը, ապա ուրեմն օրէնք եւ կանոն՝ նոյնպէս պէտք է բարեփոխուին, որպէսզի գոհացում կարենան տալ պահանջներուն։
Զոր օրինակ, 1054 թուականին՝ Ալեքսի Կոմնենոս կայսրը հաստատեց վերոյիշեալ, Լեւոն Իմաստասէրի նոյն սկզբունքը, բացատրելով եւ պատճառաբանելով, թէ եկեղեցական նշանադրութիւնը՝ որ աղօթքով եւ օրհնութեամբ հաստատուած է, պէտք է հաւասարազօր ընդունի պսակադրութեան եւ անքակտելի, անլուծանելի՛։
Այսօրուան ընկերային կեանքի պայմանները եւ նոյնիսկ անհատական ըմբռնումները որքան կարելի է համաձայնեցնել այս հասկացողութեան հետ՝ խնդրակա՛ն է։
Իսկ փոքր հասակներու մէջ կատարուած նշանադրութիւնները, ըստ Ալեքսի Կոմնենոսի, պէտք է ընդունիլ իբրեւ «քաղաքացիական խոստում»՝ պսակուելու, որուն խախտումը կախեալ չէ՛ եկեղեցական որեւէ արարողութեան կամ ծէսի հետ, աւելցնելով, որ եկեղեցական օրհնութեամբ նշանադրութիւնը քակտել, լուծանել կարելի է այն կարգով՝ ի՛նչ կարգով որ պսակը կը լուծուի։
Յունաց եկեղեցին, հետեւելով կայսերական կարգադրութեան, մօտաւորապէս նոյնութեամբ ընդունեց նշանադրութեան համազօրութիւնը պսակադրութեան հետ, մինչեւ իսկ նշանուած անձին խօսքէն հրաժարիլը եւ ետ դառնալը եւ ուրիշ մէկու մը հետ ամուսնանալը՝ համարելով «երկրորդ պսակ»։
Պետրոս Մեծը, յունական օրէնքները, նշանադրութեան վերաբերմամբ փոփոխութեան ենթարկեց, նշանակելով 6 շաբաթ ժամանակ պսակադրութենէն առաջ եւ ազատութիւն տալով անոնց պսակուելու կամ ո՛չ։
Մեր կանոններուն մէջ, ընդհանրապէս որոշ եւ հատու հրահանգներ եւ տրամադրութիւններ գոյութիւն չունին այս մասին։
Սուրբ Սահակ կը պատուիրէ՝ «նշան դնել նշանուածներու հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ»։
Գէորգ Դ Կ.Պոլսեցի Քէրէստէճեան (1866-1882) աւելի խստացուց այդ կանոնները, պատուիրելով՝ նշանադրութիւնը լուծանելու համար դիմել տեղւոյն առաջնորդին կամ յաջորդին եւ նուէր ստանալէ յետոյ՝ յօգուտ բարեգործական հաստատութեան, իրաւունք տալ լուծանելու զայն։
Բայց եւ ընդհանրապէս տիրապետող սովորութիւնն է՝ եթէ երկու կողմէն ալ հաշտուած ու համաձայնած են ծախքի համար եւ որեւէ գանգատ չեն ներկայացուցած կողմերը՝ նշանադրութիւնը խախտուած կը համարուի առանց հոգեւոր իշխանութեան մասնակցութեան ու միջամտութեան։
Անշուշտ, իր բնական ընթացքին մէջ, նշանադրութեան կը յաջորդէ՝ պսակադրութիւնը։ Արդարեւ նշանադրութեան նպատակն է եւ լրումը՝ նշանուածներուն ամուսնանալը, այսինքն՝ պսակադրութիւնը։
Պսակադրութիւնը կը կատարուի քահանայի միջոցով՝ եկեղեցիի մէջ այն ժամանակ, երբ որեւէ օրինական արգելք չի գտնուիր խորհուրդը կատարելու՝ եկեղեցիի կանոններուն համաձայն։ Պսակը, արդարեւ «խորհուրդ» մըն է եւ իրաւունք ունի կատարելու քահանան։ Պսակուող անձերուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն փոխադարձ եւ ազատ կամքով համաձայնութիւնը անհրաժեշտ պայմա՛նն է պսակադրութեան։ Ըստ եկեղեցական կանոններու այս համաձայնութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ պսակուիլ մտադրող անձերու ծնողներուն միջեւ ալ։ Զոր օրինակ, Բարսեղի 38-րդ կանոնով՝ առանց հօր կամքի մարդու գացող աղջիկը «պոռնկութիւն» ըրած կը համարուէր։
Ինչպէս ըսինք, «օրէնքներ» եւ «կանոններ» պէ՛տք է պատշաճին ու համապատասխանեն ներկայ ժամանակի ընկերային պայմաններուն, ըմբռնումներուն եւ հաւատալիքներուն։ Ուստի այսօր, նման տրամադրութիւն մը մարդկային ազատութեան եւ արժանապատուութեան հակառակ կը նկատուի, անշո՛ւշտ եթէ ենթական «օրինական հասութեան» հասած է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 15, 2016, Իսթանպուլ