ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Արմաւենի Միրօղլուի։ Ծանօթ է, որ Շիշլիի գերեզմանատունը բացօթեայ թանգարանի մը մթնոլորտը ունի, թէ՛ այնտեղ ամփոփուած տիրական դէմքերու մեծ վաստակին եւ թէ ընդհանուր մթնոլորտի խնամքին տեսանկիւնէն։
Արմաւենի Միրօղլու եւ իր սաները երկարատեւ ու անմոռանալի շրջայց մը կատարեցին գերեզմանատան մէջ։ Գերեզմանատան յանձնախումբի պատասխանատուներն ալ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեցին տղոց նկատմամբ։ Շիշլիի գերեզմանատան համալիրէն ներս աշակերտները տեսան անցեալի ազնուական ու բարեյիշատակ շարք մը գերդաստաններու կոթողանման դամբարանները, մտաւորականաց բաժնէն ներս ծանօթացան մեր մտաւորականներու դամբարաններուն, այցելեցին պատրիարքներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնաւոր բաժինը, եւայլն։ Տղաքը տեսան երջանկայիշատակ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի նոր զետեղուած արձանը, որու հեղինակն է յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան։ Ընդհանուր նահատակաց նկատմամբ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու զուգահեռ էսաեանցի աշակերտները համախմբուեցան նաեւ Դանիէլ Վարուժանի կիսանդրիին շուրջ։
Էսաեանցի աշակերտները Շիշլիի գերեզմանատան զանազան բաժիններուն մէջ, իրենց շրջայցի յատկանշական հանգրուաններուն նկարահանուելէ վերջ հրաժեշտ առին՝ հաղորդ դարձած ըլլալով մեր մշակոյթի շարք մը երախտաշատ անուններու յիշատակին։