ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը։ Յառաջիկայ շրջանին այս յոբելեանի արժեւորման համար կեանքի պիտի կոչուի ծրագիր մը, որու սկիզբը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։ Գարակէօզեան Տան պարտէզին մէջ, Կազդուրման կայանի յիսնամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ «Հօրս տունը» փաս-տավաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։ Իսկապէս շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ յոբելենական շրջանի մեկնարկային հանգրուանը, որ եկաւ համախմբել համայնքային շրջանակներէն այն գրեթէ բոլոր խորհրդանշական անունները, որոնք անցեալ հինգ տասնամեակներու ընթացքին իրենց վաստակով ապահոված են Կազդուրման կայանի յարատեւութիւնը։
Երէկուան ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որուն կ՚ընկերանար Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, Կազդուրման կայանի նախկին տնօրէնուհիները, հոգատար մարմնի նախկին ատենապետներն ու անդամները, հսկիչները եւ զանազան սերունդներէ սաներ։ Բոլոր հիւրերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Նաժտա Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբին, Արթին Քիլէճիի կողմէ գլխաւորուած ներկայ հոգատար մարմնին եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի կողմէ։
Գարակէօզեան Տան պարտէզը այս հաւաքոյթին առթիւ յարդարուած էր պատշաճօրէն եւ այնտեղ ստեղծուած՝ տօնական մթնոլորտ մը։ Բոլոր ներկաները նախ ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ հաճելի զրոյց ունեցան իրարու հետ։ Ապա բոլորը համախմբուեցան «Քարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ, ուր գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը։ Ելոյթներով հանդէս եկան Արթին Քիլէճի, Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Նաժտա Շատեան։
Աւելի վերջ ցուցադրուեցաւ «Հօրս տունը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու հեղինակն է Սայաթ Տաղլըեան։ Հարկ է նշել, որ այս ֆիլմը պատրաստուած է Սայաթ Տաղլըեանի Կազդուրման կայանի երդիքին տակ անցուցած երկու շաբթուան ժամանակաշրջանի տպաւորութիւններուն, դիտարկումներուն ու նկարահանումներուն հիման վրայ։ Իր ամբողջին մէջ, գործը կը ցոլացնէ Կազդուրման կայանի բազմակողմանի առօրեան՝ այնտեղ մատուցուած ծառայութիւններով եւ ստեղծուած մթնոլորտով հանդերձ։ Ֆիլմին կցուած են նաեւ հաստատութեան անցեալէն զանազան դրուագներ, որոնք կը պայմանաւորեն գործին պատմական խորքը։ Հաստատութեան հիմնադիր հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի եւ իր այդ շրջանի անմիջական գործակիցներուն նկատմամբ երախտագիտական զգացումներ կ՚ընդգծուին այս ֆիլմին մէջ։ Բովանդակութիւնը ճոխացուած ու կատարելագործուած է շարք մը վաստակաշատ անուններու կողմէ բերուած վկայութիւններով. օրինակ՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Սելմա Իսքէնտէրէօզ, Տիանա Գամբարոսեան, Ժագլին Էրմէն, Նուարդ Պօյաճեան, Հռիփսիմէ Պաքեան, Թամար Ներկիզ, Նաժտա Շատեան, Թամար Գարասու, Հայկ Ասլանեան, Սեւան Չավուշեան եւ այլք։
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն վերջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մեծապէս կարեւորեց Կազդուման կայանի առաքելութիւնը եւ անոր կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց, որ այս հաստատութիւնը պէտք է ունենայ անհրաժեշտ միջավայրը մեր նոր սերունդի ֆիզիքական հնարաւորինս լաւ պայմաններով արձակուրդը ապահովելու համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ կայանի յարկէն ներս պէտք է մշակուին նաեւ անոնց հոգիներն ու միտքերը։ Ընդհանուր փոխանորդը շեշտեց, որ ամրան արձակուրդի միջավայրին մէջ այնտեղ պէտք է տղաքը հաղորդ դառնան մեր լեզուին, հաւատքին, մշակոյթին եւ ընդհանրապէս ժառանգութեան՝ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ այժմ մեր վարժարաններուն մէջ որքան տկարացած է հայախօսութիւնը եւ այս պայմաններուն ներքեւ համայնքը պարտաւորուած է նուազագոյն ձեռքբերումներով բաւարարուելու։ Հետեւաբար, Կազդուրման կայանի միջավայրն ալ պէտք է ծառայէ այդ նուազագոյն պայմաններու ստեղծման կամ անոնց կարելի չափով նպաստ մը բերելու։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ կայանի հիմնադիրներուն, բոլոր սատարողներուն, սպասաւորներուն մասին։ Ան օրհնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորութեամբ այսօրուան վարիչներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Յայտագրի եզրափակումէն վերջ պարտէզին մէջ ընդունելութիւնը շարունակուեցաւ։ Տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին յիսնամեակի յոբելենական ձեռնարկներու կարգադիր յանձնախումբին նկատմամբ։ Նաժտա Շատեանի կողմէ գլխաւորուած այս յանձնախումբը յոբելենական ժամանակաշրջանին համար մշակած է զանազան հանգրուաններէ բաղկացեալ ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի աստիճանաբար։ Այս ծրագրով նախատեսուած են մանուկներուն եւ երիտասարդներուն ուղղեալ զանազան ստեղծագործական ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ձեւաչափով ընթրիք մը՝ որպէս եզրափակիչ հանգրուան։
Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը մեր համայնքային հաստատութիւններու ցանցին մէջ առանձնայատուկ նշանակութեամբ օղակ մըն է։ Մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերէ ընտանիքներուն զաւակները կայանի երդիքին տակ ամրան շրջանին տաքուկ բոյնի մը մթնոլորտին մէջ հնարաւորութիւն կ՚ունենան անցընելու իրենց արձակուրդը։ Որքան որ ալ կատարեալին նկատմամբ ձգտումը միշտ շարունակուի, կարելի չէ անտեսել, որ մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն կայանի հնարաւորութիւնները, պայմանները գերազանցած են նուազագոյնի սահմանը։ Այնտեղ ամրան շրջանին ոչ միայն կը դիմագրաւուի փոքրիկներու կամ պատանիներու տարրական կարիքները, այլ նաեւ անոնց համար կը ձեւաւորուի հարստացուցիչ միջավայր մը՝ զանազան դասերով, մարզական շարժումներով եւ ստեղծագործական աշխատանքներով։ Ամէն ամառ թրքահայութեան սիրտը կը տրոփէ Կազդուրման կայանի մէջ։ Գնալըի բարձունքի իրադարձութիւնները միշտ կը գտնուին համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան կիզակէտին։ Մեր բոլոր հաստատութիւնները պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն Կազդուրման կայանի հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Այդ պատրաստակամութենէն կը ծնի միասնական շարժում մը, որուն մէջ առանցքային կը համարուի նաեւ կղզեբնակներուն նախանձախնդրութիւնը, հոգածութիւնը Կազդուրման կայանին նկատմամբ։ Բոլորը առաջին հերթին կը ջանան կայանի աշակերտներու տուեալ պահու կարիքները դիմագրաւել, սակայն ակնյայտ է, որ երկար ժամանակահուածով՝ մանկական այդ յիշողութիւնները, վառ տպաւորութիւնները կը պայմանաւորեն նոր սերունդին միացումը, մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին։ Ազգի զաւակներու ապագան պատրաստելու, ազնիւ ու բարի անհատներ կերտելու տեսանկիւնէն շատ կարեւոր հաստատութիւն մըն է Կազդուրման կայանը, որուն յիսնամեայ յոբելեանը արժեւորելու համար ստեղծուած է դրական մթնոլորտ մը։ Կազդուրման կայանը կը մարմնաւորէ արժէքային համակարգ մը, որու տարրերը մեր համայնքի հեռանկարներուն, ապագայ տեսլականին մէջ պարտադրաբար կ՚ունենան իրենց տեղը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024