ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ՝ ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ - Բ -

Նշա­նադ­րու­թեան կը յա­ջոր­դէ բնա­կա­նա­բար պսա­կադ­րու­թիւ­նը։ Ար­դէն նշա­նադ­րու­թեան նպա­տակն է պսա­կադ­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն եւ ա­ռա­ջին հանգ­րուան։

Ու­րեմն նշա­նադ­րու­թիւ­նը ի­մաստ կը ստա­նայ երբ իր լրու­մին հաս­նի, այ­սինքն պսա­կադ­րու­թեամբ վեր­ջա­նայ։

Ու­րեմն երբ կը խօ­սինք նշա­նադ­րու­թեան վրայ, կ՚ար­ժէ, գո­նէ հա­կիրճ եւ հա­մա­ռօտ կեր­պով մը խորհր­դա­ծել պսա­կադ­րու­թեան մա­սին՝ զայն դի­տե­լով պատ­մա­կան ե՛ւ օ­րի­նա­կան տե­սան­կիւն­նե­րէն։ Քա­նի որ ա­ռանց պսա­կադ­րու­թեան նշա­նադ­րու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ի­մաստ պի­տի չու­նե­նար։

Եւ ինչ­պէս անդ­րա­դար­ձանք մեր նա­խորդ խորհր­դա­ծու­թեան մէջ, նիւ­թը կը դի­տենք ո՛չ միայն օ­րի­նա­կան տե­սան­կիւ­նէն, այլ եւ նաեւ՝ պատ­մա­կան տե­սան­կիւ­նէն, քա­նի որ «օ­րէնք» եւ «կա­նոն», որ­պէս «ըն­կե­րա­յին կեան­քի ե­րե­ւոյթ­ներ», յա­րա­տեւ բա­րե­փո­խու­թեան են­թա­կայ են, ո­րով­հե­տեւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը տե­ւա­պէս բա­րեշրջ­ման մէջ կ՚ըն­թա­նայ եւ օ­րէնք ու կա­նոն, որ­պէս­զի գոր­ծադ­րե­լի ըլ­լան, պէ՛տք է որ քայլ յար­մա­րեց­նեն ա­նոր բնա­կան ըն­թաց­քին։ Այ­լա­պէս ա­նօ­գուտ եւ եր­բեմն ալ վնա­սա­կար կը դառ­նան օ­րի­նա­կան ու կա­նո­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Եւ երբ մենք նշա­նադ­րու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ պսա­կադ­րու­թիւ­նը կ՚ու­սու­մա­սի­րենք պատ­մա­կան-օ­րի­նա­կան աչ­քով, յատ­կա­պէս պէտք է նկա­տի առ­նել այս պա­րա­գան. ա­պա թէ ոչ՝ կա­րե­լի է դի­մա­ւո­րուիլ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու եւ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հետ։ Մինչ­դեռ օ­րէն­քին եւ կա­նոն­նե­րու նպա­տա­կը՝ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել եւ տե­ւա­կա­նաց­նե՛լ է։

Ու­րեմն այս մտադ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կենք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը՝ պսա­կադ­րու­թեան մա­սին։

Պսա­կադ­րու­թիւ­նը՝ յա­ջոր­դե­լով նշա­նադ­րու­թեան, կը կա­տա­րուի ե­կե­ղե­ցիի մէջ, քա­հա­նա­յի մի­ջո­ցով այն ա­տեն, երբ ո­րե­ւէ ար­գելք չի գտնուիր այդ «խոր­հուրդ»ը կա­տա­րե­լու հա­մար։

Ու­րեմն ո­րո՞նք են պսա­կադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար այն պայ­ման­նե­րը, զորս քա­հա­նան ի­րա­ւունք ու­նի զա­նոնք կա­տա­րե­լու, քա­նի որ ան «խոր­հուրդ» մըն է։

ա) Պսա­կադ­րու­թիւն կը կա­տա­րուի ե­թէ հարսն ու փե­սան փո­խա­դար­ձա­բար զի­րար հաւ­նած եւ սի­րած են, եւ եր­կուքն ալ բո­լո­րին՝ քա­հա­նա­յի ներ­կա­յու­թեամբ կը հաս­տա­տեն բա­ցա­յայ­տօ­րէն։

բ) Ե­թէ եր­կու­քին ծնող­նե­րը նոյն­պէս ըն­դու­նած են եւ ա­նոնց կամ­քին հա­կա­ռակ չէ այդ ա­մուս­նու­թիւ­նը։

Հոս, ա­հա­ւա­սի՛կ կ՚ար­ժէ բաղ­դա­տել օ­րի­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ ժա­մա­նա­կա­կից՝ ներ­կայ ի­րո­ղու­թիւ­նը։

գ) Ե­թէ եր­կուքն ալ տա­րի­քով հա­սուն են՝ չա­փա­հաս են ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րու հա­մե­մատ։

Հոս եւս կ՚ար­ժէ խորհր­դա­ծել՝ թէ երբ ա­մուս­նա­ցող­նե­րու մօտ փնտռուի տա­րի­քի հա­սու­թիւն, ինչ որ բնա­կան է եւ բա­նա­կան, ա­պա ու­րեմն այդ պա­րա­գա­յին ծնող­նե­րու հա­ւա­նու­թիւ­նը եւ կամ­քը ին­չո՞ւ պայ­ման կ՚ըն­դու­նուի։ Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը սա պէտք է ըլ­լայ, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը կեն­սա­կան եւ լուրջ ի­րո­ղու­թիւն մըն է, եւ փոր­ձա­ռու ու ա­ռար­կա­յա­կան, ի­րա­տես աչ­քով դի­տե­լու եւ ո­րո­շե­լու կը կա­րօ­տի։ Գէթ այս պատ­ճա­ռով պէտք է ծնող­ներ ձայն ու­նե­նան այս մա­սին։ Բայց ժա­մա­նա­կա­կից մտայ­նու­թիւ­նը շատ հաշտ չէ այս հար­կադ­րու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան։

Ան­շուշտ ա­ւան­դա­պահ եւ տոհ­մա­յին ար­ժէք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յող ըն­տա­նիք­ներ ազ­նիւ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ կը կազ­մեն այս մա­սին։

Եւ դար­ձեալ, հոս կ՚ու­զենք ու­շադ­րու­թեան ներ­կա­յաց­նել կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ նկա­տուած ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Ընդ­հան­րա­պէս, տա­րեց­ներ, թէեւ հա­զուա­գիւտ, խորհր­դակ­ցե­լու հա­մար կը դի­մեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գա­ղա­փար­նե­րուն, մտա­ծում­նե­րուն, բայց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մէջ՝ տա­րեց­նե­րու խոր­հուրդ հարց­նել բա­ցա­ռու­թիւն մըն է դար­ձած միայն։

Տա­րեց­ներ կը դի­մեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու թարմ ու նո­րա­գոյն գի­տու­թեան, բայց ե­րի­տա­սարդ­ներ, ընդ­հան­րա­պէս չեն զի­ջիր, չեն մեղ­մա­նար՝ դի­մե­լու տա­րեց­նե­րու տա­րի՜­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան։ Ա­յո, մա­սամբ ըն­դու­նե­լի կրնայ ըլ­լալ, որ տա­րեց­նե­րու գի­տու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կավ­րէպ ըլ­լայ, թե­րեւս ան­պա­տեհ՝ ար­դի, բա­րե­փո­խուած գի­տե­լիք­նե­րու նկատ­մամբ, բայց հա­պա փոր­ձա­ռու­թի՞ւ­նը։ Ար­դա­րեւ կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մեծ հարս­տու­թիւն է մար­դուս հա­մար։ Ա. Այնշ­թայն կ՚ը­սէ, թէ՝ մար­դուս ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր է մարդ­կա­յին կեան­քին հա­մար, քան գի­տու­թիւ­նը։ Եւ մարդ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ճո­խաց­նե­լու հա­մար կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեան պէտք ու­նի։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով, որ­քան ալ ժա­մա­նա­կավ­րէպ հա­մա­րեն կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ դի­մել ի­րենց ծնող­նե­րուն, խորհր­դակ­ցիլ ա­նոնց հետ, գո­նէ ա­մուս­նու­թեան՝ այս կեն­սա­կան հար­ցին մէջ, ո­րո­շում տա­լէ ա­ռաջ, պէտք է ան­գամ մըն ալ խորհր­դակ­ցին ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ։ Եւ այս ի­մաս­տով մենք, ե­թէ ո՛չ վճռա­կան ո­րո­շու­մի հա­մար, բայց առ­նուազն ա­նոնց կեան­քի փոր­ձա­ռու­թե­նէն օգ­տուե­լու հա­մար, ա­մուս­նա­նալ մտադ­րող ե­րի­տա­սարդ­ներ դի­մե­լու են ի­րենց ծնող­նե­րուն։ Կրնայ ե­րի­տա­սարդ մը իր ծնող­նե­րէն ա­ւե­լի զար­գա­ցած, ա­ւե­լի գի­տուն, ա­ւե­լի հմուտ ըլ­լալ, բայց իր­մէ կը պաս­կի շատ կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւն մը՝ կեն­սա­կան եւ էա­կան ազ­դակ մը, որ է՝ «կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թի՛ւն…»։

Հմ­տա­լից ըլ­լալ, գի­տուն ըլ­լալ, զար­գա­ցած ըլ­լալ՝ փոր­ձա­ռու ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր, մա­նա­ւանդ ա­մուս­նու­թեան նման կեն­սա­կան եւ էա­կան՝ «նոր կեանք»ի մը մէջ…։

դ) Պսա­կադ­րու­թիւ­նը օ­րի­նա­ւոր կեր­պով կը կա­տա­րուի, ե­թէ կող­մե­րէն ոե­ւէ մէ­կուն, միւ­սին նկատ­մամբ բռնու­թիւն, խա­բէու­թիւն, խար­դա­խու­թիւն չէ ի­րա­կա­նա­ցած։ Այ­լա­պէս բռնու­թիւն եւ խա­բէու­թիւն ար­գելք­ներ են պսա­կադ­րու­թեան կա­տար­ման։

ե) Պսա­կադ­րու­թեան անհ­րա­ժե՜շտ պայ­մանն է՝ ե­թէ եր­կու­քէն մէ­կը կա­պուած ըլ­լայ եր­րոր­դի հետ պսա­կով, կա­րե­լի չէ կա­տա­րել պսա­կադ­րու­թիւ­նը։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ե­թէ օ­րի­նա­ւոր պսակ մը գո­յու­թիւն ու­նի, երկ­րորդ պսա­կադ­րու­թիւն կա­տա­րել ան­կա­րե­լի՛ է։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ ե­թէ ա­մու­սին­նե­րէն մէ­կը չէ մա­հա­ցած եւ կամ պսա­կը չէ լու­ծուած, երկ­րորդ մը կա­տա­րել ա­պօ­րի­նի է։

զ) Պսա­կադ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի ե­կե­ղե­ցիի կող­մէ թոյ­լատ­րուած օ­րե­րուն միա՛յն։

է) Պսա­կադ­րու­թեան ըն­թաց­քին նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ դա­ւա­նա­կան կամ կրօ­նա­կան ար­գելք­նե­րը եւ վա­րուիլ ըստ այնմ։

ը) Ա­րե­նա­կան, ազ­գակ­ցա­կան, խնա­միա­կան եւ կնքա­հայ­րա­կան չհա­սու­թիւն պէտք է նկա­տի առ­նուի պսա­կադ­րու­թեան ա­ռողջ կա­տար­ման հա­մար…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք.

- Վազ­գէն Յա­կո­բեա­նի «Կա­նո­նա­գիրք Հա­յոց», 1964-էն,

- Ներ­սէս Վրդ. Մե­լիք-Թան­գեա­նի «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւունք», 2011 (վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւն)էն։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 16, 2016, Իս­թան­պուլ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016